Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան «Վերածնուող Հայաստան» թեւը դադրեցուց իր գործունէութիւնը Ազգային ժողովին մէջ: Կուսակցութիւնը այս որոշումը տուաւ 28 Նոյեմբերին։
Ըստ «Ազատութեան»՝ ընդգծելով, որ խորհրդարանական գործունէութիւնը եւ պատգամաւորական աթոռները իրենց համար ինքնանպատակ չեն` կուսակցութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ի միջի այլոց յայտարարեց. «Բոլոր այն հիմքերը, որոնք ստիպում էին բոյկոտել (պոյքոթել) ԱԺ նիստերն ամիսներ առաջ, շարունակում են արդիական մնալ նաեւ այսօր»:
Ըստ նշեալ հաղորդագրութեան` կուսակցութեան անդամ չորս պատգամաւորներէն երեքը` կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան, փոխնախագահներ Հռիփսիմէ Ստամբուլեան եւ Ելենա Կիրակոսեան հրաժարական ներկայացուցին, Զեմֆիրա Միրզոեւան, որ խորհրդարան հասած է ազգային փոքրամասնութիւններու համար նախատեսուած աթոռով, պիտի շարունակէ պատգաւորական գործունէութիւնը` ըստ անոր սեփական դիմումին` ժամանակաւորապէս սառեցնելով կուսակցութեան իր անդամութիւնը:
«Վերածնուող Հայաստան»ի խորհրդի որոշումով, կուսակցութեան այն անդամները, որոնք ներկայացուած են դաշինքի նախընտրական ցանկին վրայ, պատգամաւորական յանձնառութեան ստացման հերթը հասնելու պարագային ազատ են որոշում տալլու` վերցնել յանձնառութիւնը, թէ ոչ: յանձնառութիւն վերցնելու որոշում տալու պարագային, տուեալ անձերը պէտք է հեռանան կուսակցութեան շարքերէն:
««Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը շարունակելու է իր գործունէութիւնը ընդդիմադիր դաշտում` կուսակցութեան հռչակած արժէքների ու քաղաքականութեան շրջանակներում», կը նշուի հաղորդագրութեան ։
Համատեղ քաղաքական նպատակադրման, սկզբունքներուն մէջ ոչինչ փոխուած է, յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ շեշտելով, որ յարգանքով կը վերաբերին իրենց գործընկերներուն որոշման նկատմամբ:
«Վստահ ենք` քաղաքական այս պայքարում դեռ շարունակական ու համատեղ անելիքներ շատ կան», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: