ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը անցնող շաբաթավերջին Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարը ընտրեց իբրեւ ՄԱԿի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը։
62ամեայ Պան Քի Մուն յառաջիկայ տարեսկիզբին պիտի յաջորդէ Քոֆի Աննանի։
1971էն ի վեր առաջին անգամն է, որ Ասիոյ ցամաքամասէն քաղաքական անձնաւորութիւն մը կ՚ընտրուի ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար։
Պուրմացի Եու Թան 1961էն 1971 առաջնորդած էր ՄԱԿը։
Պան Քի Մուն պիտի ըլլայ ՄԱԿի 8րդ ընդհանուր քարտուղարը։
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամները առաջադրած էին Պան Քի Մունի թեկնածութիւնը։