
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Վերջին անգամ երբ խօսակցեցանք ամիս մը առաջ, խնդրեր է իր կնոջմէ՝ Զուարթէն․ «Վեհանոյշին թելեֆոն բաց խօսիմ»։ Ինչպէս միշտ՝ անոյշ-անոյշ պատմեց, յետոյ՝ «յոգնեցայ,- ըսաւ,- մնացեալը գալ անգամ կը շարունակենք»։
Ինք որ միշտ իր խօսքին տէրն էր, այս անգամ չիրագործեց. գիշատիչ հիւանդութիւնը իր օրերը, իր եւ ընտանիքին հոգեվիճակը տակնուվրայ ըրաւ։
Պէյրութի նաւահանգիստին ռումբի պայթիւնէն ետք, երբ իր զոյգ աչքերէն միայն մէկուն քառորդ տեսողութիւնը մնացած էր, Զուարթին հետ եկան Պոսթըն բուժուելու։ Իր աչքերու մասնագիտական խնամքին եւ իր հարազատներուն հետ ըլլալու գոհունակութիւնը անսահման չէր․ տեսողութեան կորուստին համար կը տառապէր, բայց չէր յաղթուէր անկէ. տակաւին կը կարդար։
Օր մը հրճուագին ըսաւ․ «331րդ էջը հասայ»։
– Ինչի՞ն։
– «Աս վերջին գիրքիդ, յափշտակութեամբ կը կը կարդամ։
– Ինչպէ՞ս։
– Կէսօրին քսան վայրկեան արեւը կու գայ ճիփուճիշդ ճաշասեղանին մէկ անկիւնը, այդ պահուն հոն կը նստիմ կը կարդամ։
– Ժիրա՛յր, առաջին անգամն է կեանքիս մէջ, որ այսքան նեղուեցայ մէկը գիրքս կարդացած ըլլալուն համար։ Հերոսութիւն չէ ըրածդ, պէտք է խնայես։ Ուզեմ-չուզեմ յանցաւոր կը զգամ։
– Դուն ինծի ձգէ, ես գիտեմ ըրածս։
Յաջորդ անգամ հեռաձայնելուն՝ «Աւարտեցի,- ըսաւ- հիմա ինծի լման մէկ ժամ յատկացնելու ես։ Ամէն էջի մէջ փոքր սրբագրութիւններ ըրի, պէտք է փոխանցեմ քեզի։ Գոնէ ժամ մը կը տեւէ»։
Օր մըն ալ կարգը հասաւ այդ ժամուն, թուղթ մատիտ առի նստայ. ինք սկսաւ. «էջ ութսունմէկ չորրորդ տողի տեսնել-ը երկու լ-ով տպուեր է։ Էջ ութսունչորս երկրորդ պարբերութեան վեցերորդ տողը սխալ տողադարձ է»։ Ասինչ էջը մէկ գիր փախեր է. անինչը է-ով է, ոչ թէ ե-ով։
Համբերութիւնս հատաւ. « Ժիրայր, ասոնց պէտք չկայ․ անշուշտ, որ անսխալ չտպուիր գիրք մը, ինծի համար հարց չէ»։ «Չէ՜, եթէ նորէն տպելու ըլլաս, ասոնք սրբագրած կ՛ըլլաս»։
Գաղտնիք չէ Ժիրայրին ընթերցողներուն համար իր մանրակրկիտ նշումները, իր բանասիրական յօդուածներուն եւ գիրքերուն մէջ. անոնք սովորական գիրքերու ճապաղութինը չունին, անհամբերութեամբ եւ հիացումով կը կարդացուին։ Սուր դատողութիւն, միաժամանակ ազնիւ վերաբերում հեղինակներուն նկատմամբ։
Ասոնք գիտական վերլուծումի եւ մարդոց հետ յարաբերութեան իր գլխաւոր յատկանիշներն էին – մանրամասնութիւններու հետամուտ. ճշմարտութեան հետապնդումէ եւ մարդոց նկատմամբ բարեկրթութենէ շեղում չունէր։ Ամէնուն հետ լեզու կը գտնէր ու կը հակակշռէր իրարամերժ դիրքերը։
Իր ներկայութիւնը հաճելի էր, վստահութիւն կը ներշնչէր։ Հանդարտաբարոյ ու մեղմաժպիտ։ Իբրեւ հմուտ հայագէտ դռներ կը բանար, կ՛ուսուցանէր։ Իբրեւ մտաւորական՝ միտքը կը խթանէր, դարմանելու համար կը գրէր, դարերուն համար։ Կը հետազօտէր եւ իրականութիւնը ցոյց կու տար։
Ճակատը կնճռոտ էր, բայց հոգին կնճիռ չունէր։ Բիւրեղեայ հոգի էր. խղճամիտ ու կարեկից։ Ձայնը կ՛ելեւէջեր, երբ կը խօսէր մտերիմ բարեկամներուն մասին զորս կորսնցուց՝ Հայկ Թիլպեան (որուն յիշատակի գիրքը պատրաստեց), Սարգիս Կիրակոսեան, Պեպօ Սիմոնեան, կը պատմէր անոնց մասին յուզումով եւ կ՛ափսոսար, որ անդարձ հեռացած են իրմէ։
Երանելի են անոնք, որ Ժիրայր Դանիէլեանին բարեկամութիւնը վայելեցին։
Հաւասարակշռուած էր նկարագրով, անսակարկ, խորաթափանց էր ու բարեմիտ։
Սրբագրութիւններու այդ ժամուն, երբ իր մանրամասն սրբագրածները ակամայ դադրեցան, «հիմա բուն ըսելիքս պիտի ըսեմ,- յանկարծ ձայնը բարձրացաւ, – եթէ հայերն ալ Նոպէլեան մրցանակի համար նկատի առնուէին, այս գիրքդ անպայման Նոպէլեան մրցանակի պիտի արժանանար։» Երբ ըսի՝ Ժիրայր, լա՛ւ գիտես, որ ես անանկ հաւասներ չունիմ։ «Գիտե՜մ» ըսաւ։
Ինչպէ՞ս չգիտնար, 1966ին երբ առաջին տարուայ ուսանող էի, Հայկազեան գոլէճի մէջ, կար հայկական գրադարանը, որուն գոյութեան պատասխանատուն եւ վարիչը Ժիրայր Դանիէլեանն էր։ Ուրիշ ո՞ւր կար աւելի հաճելի՝ գրադարանը եւ «սնէք պառ»ը։ Գրադարանին մշտակայ ներկայութիւնը՝ Ժիրայրը, նոր հասած գիրքերը ցոյց կու տար։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գրական կեանքէն տեղեկութիւններ կու տար։ Կը սիրէր պատմել եւ ինչ անոյշ կը պատմէր։ Մեղմ ու համեմուած, խօսքերը, որքան ալ սահմանները զանցէին, կը փորձէր օգտակար ըլլալ «նորաբոյս» գրողներուն։
Ամերիկեան համալսարան երբ գացի, գլխաւոր գրադարանին ներքնայարկը, հոն ուր տոքթորայի թէզեր կը գրուէին, ինքզինքիս ապահովեցի խուց մը եւ Ժիրայրին պատճառով գիտէի, թէ ինչ պէտք է կարդամ՝ Ինտրա, Տեմիրճիպաշեան, Որբունի եւայլն։
Տարիներու ընթացքին երբեմն կը հանդիպէի, այլեւս «Մուկար» գեղատեսիլ շէնքը փոխադրուած էր գրադարանը։ Ժիրայրը ինք կարգադրեց, որ «Ոստրէ»ի գիրքիս շնորհահանդէս կատարուի «Հայկազեան»ի տպաւորիչ սրահին մէջ։
Յետոյ պատերազմ եղաւ։ Փոսեր բացուեցան մարդոց հոգիներուն եւ կեանքերուն մէջ։ Դպրութեան մշակներէն մաս մը հեռացան Լիբանանէն։ Աշակերտներու թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ։ Տնօրէնի կարիք կար եւ Ժիրայր Դանիէլեանը յանձն առաւ տնօրէնութիւնը Յովակիմեան-Մանուկեան (ուրկէ շրջանաւարտ էր) եւ Դարուհի Յակոբեան միացեալ վարժարանին։ Տասը տարի։
Քսանութ տարի ետք վերադարձայ Պէյրութ․ Գրողներու միութեան համագումարն էր 2006ին։ Ժիրայրը կազմակերպիչ յանձնախումբին գլխաւորն էր։ Մէյ մըն ալ տեսայ, որ այդ ուշ ժամուն Ժիրայրը ուրիշի մը հետ եկեր է օդակայան դիմաւորելու Ժագ Յակոբեանն ու զիս։ Աչքերուն մէջ ուրախութիւն կար երբ յայտնեց, թէ ինծի համար առանձին սենեակ կարգադրած է։ «Դուն չպէտք է խանգարուիս. ուզած ժամուդ գրես»։
Արդէն քանի մը տարիէ Անթիլիասի դպրեվանքի հայագիտականի վարիչն էր։
Սուսիկ-փուսիկ կ՛աշխատէր նաեւ իբրեւ «Երիտասարդ Հայ»ի խմբագրական կազմի անդամ, իսկ յետագային՝ իր «Կամար» ամսագիր-պարբերաթերթին իբրեւ խմբագիր. բովանդակալից ու բարձրաճաշակ։
Բարեբախտաբար արժանաւորապէս գնահատուեցաւ իր կեանքի ընթացքին։ Իր ինքնագիտակցութիւնն ու համեստութիւնը չէին արտօնէր, որ իր բազմաթիւ շքանշանները, գնահատագիրները, մետալները, տիտղոսները պսպղացնէր մարդոց աչքերուն առջեւ։
Ժիրայր կ՛ըսես կ՛անցնի՞ս – մինակը տասը հաստափոր հատորներու մէջ ամփոփուելիք կեանք է եւ այդ բազմապատկուած էր, երբ երեք տարի առաջ ինք ու տիկինը հասան Պոսթըն իրենց աղջկան՝ Մարալին քով։ «Եթէ աչքս այսպէս չըլլար ես Ամերիկա հաստատուողը չէի»։
Ուրախ էր երիտասարդ հայաշունչ թոռներուն համար, փեսայէն շատ գոհ էր, աղջիկը զանազան կազմակերպութիւններու մէջ գործունեայ էր։ Իր հին բարեկամները յաճախ կ՛այցելէին։
Պէյրութ գտնուած ժամանակ ուրիշ ցաւ մըն ալ ապրեցաւ Ժիրայրին ընտանիքը։ Սէուտական Արաբիա բնակող իր կրտսեր աղջկան ամուսինը ինքնաշարժի արկածով մահացաւ ու յանցաւոր չնկատուեցաւ տեղացի վարիչը։ Հոն ձեւը աս է եղեր – գլխուդ փորձանք բերողը դատի իսկ չկանչուիր, երբ քաղաքացի է։ Ուրեմն Արփին երկու մանկահասակ զաւակներով հասաւ Լիբանան։ Ծնողք եղիր եւ սիրտդ թող չկսկծայ երբ երիտասարդ աղջիկդ՝ այրի, եւ ձագուկները անհայր մնացած են։ «Հիմա ե՛ս հօր դեր ստանձնած եմ անոնց համար», ըսաւ Ժիրայր։
Բայց լաւ աւարտեցաւ. Արփին վերամուսնացած՝ այլ նահանգ մը կը բնակի հիմա։
Ժիրայրին տաքուկ ընտանեկան մթնոլորտը, նոր գրական ծրագիրներն ու երկարատեւ բարեկամութիւնները ամենայն արագութեամբ խզեց քաղցկեղը – մեծ կասկած ունիմ որ հետեւանքն էր անհուն տխրութեան՝ իր տեսողութեան նկատմամբ, որովհետեւ փայծաղի քաղցկեղը երկարատեւ ու մեծ տագնապի, մղձաւանջի արդիւնք է ունեցողներուն իննիսունութ առ հարիւրին պարագային ։
Ափալ-թափալ գացիր, Ժիրա՛յր։ Ութսուն տարեկանը ի՛նչ է որ․ նոր հրատարակելիք գիրքիդ մասին կը խօսէիր։ Հիմա Զուարթդ մինակը պիտի կարգի դնէ Պէյրութի գրական սեփականութիւններդ։ Գիտե՛ս որ շատ պիտի լայ – քեզի նուիրուած իտէալ կին էր Զուարթը։ Դուն ալ Զուարթ անունը տարբե՜ր կը հնչէիր։ Հոյակապ ընտանիք կազմելու կողքին՝ քու բազում հրատարակութիւններով հայագիտութեան բնագաւառէն ներս ներդրումդ մեծ է։
Երեք բարձունքներու վրայ կայք հաստատեցիր – գրադարանապետ, տնօրէն եւ հայագիտականի վարիչ – մշակոյթի, ուսումնական եւ կրօնական հաստատութիւններու մէջ լուսավառ ջահ։
Հիմա մեզ սուգի մէջ ձգեցիր։ Եթէ դրախտը հրաշալի վայր է՝ աչքերդ վերագտած ըլլալու են իրենց կարողութիւնն ու փայլքը։ Զբաղումներդ շատ են. Նարեկացիին հետ աղօթեցի՞ր, Ֆրիկին հանդիպեցա՞ր, Մեծարենցը իր բառերը նոր արեւէ կը մաղէ՞, Գրիգոր Զօհրապը հո՞ն է, Վահան Տէրեանը աշնան տերեւներով դեռ կը հմայուի՞։ Հօրդ, մօրդ, փեսայիդ մտերմութիւնը վայելեցիր։ Հայկին, Պեպոյին, Սարգիսին եւ այլ սիրելի բարեկամներուդ հետ Աստուած գիտէ ինչե՜ր կը խօսիք։ Միշտ պատմելիք ունիս դուն։ Օր մը ես ալ կու գամ եւ «մնացեալը յաջորդիւ»ը կ՛իրականանայ։
Նոյեմբեր 27
Նիւ Ճըրզի