Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՛ունենան սուսերամարտի պատանիներու միջազգային մրցաշարքերը, ինչպէս նաեւ 14 տարեկանէն փոքրերու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը մասնակցեցաւ այս մրցաշարքերուն: Արսէն Դադայեան շահեցաւ ոսկի մետալ մը, իսկ Գագիկ Մորիկեան եւ Սերկէյ Սեթոյեան` պրոնզ:
14 տարեկանէն փոքրերու Եւրոպայի մրցաշարքին, Յակոբ Մանուկեան նուաճեց ոսկի մետալ մը, իսկ Նայիրի Ձալիբէկեան` պրոնզ: