Հայ-թրքական սահմանի բացման նպատակով թեքնիք հարցերու քննարկումները պիտի շարունակուին։ Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` պատախանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ ի՛նչ արդիւնք տուած է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու վերջին հանդիպումը: Նախարարութենէն, սակայն, չյստակացուցին, թէ ե՛րբ, ո՛ւր եւ ի՛նչ ձեւաչափով կը նախատեսուի յաջորդ հանդիպումը:
«Պայմանաւորուածութիւնների կիրարկմանը վերաբերող տեխնիկական (գիտարուեստական) հարցեր են քննարկուել: Քննարկումները շարունակուելու են», յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան:
Հայ-թրքական թեքնիք պատուիրակութիւնները հանդիպեցան այս ամսուան սկիզբը: Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն նախօրէին թրքական լրատուամիջոցներէն մէկուն խօսած էր այս մասին՝ դիտել տալով, որ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները հանդիպեցան սահմանի երկու կողմին մէջ ու նոյնիսկ ճաշած Հայաստանի տարածքին մէջ:
«Քննարկուեցան այն աշխատանքները, որոնք պիտի իրականացուին սահմաններու բացման ընթացքին, կամուրջի վերանորոգութեան, սահմանի վերահսկողութեան եւ անցակէտերուն վերաբերող հարցեր: Այս առումով կրնանք ըսել, որ գործընթացին մէջ դրական տեղաշարժ կայ», յայտնեց Քալըն։
Ո՛չ պաշտօնական Երեւան, ոչ ալ Անգարա հաղորդագրութիւն հրապարակեցին այս մասին։ Աւելի կանուխ, Երեւանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է 1 Նոյեմբերին՝ նշելով, որ գործնականին մէջ մեկնարկած է յստակ աշխատանքը, որ, ըստ անոր, դրական է:
«Սահմանին տեղի է ունեցել հանդիպում Հայաստանի եւ Թուրքիայի համապատասխան մի քանի գերատեսչութիւնների ներկայացուցիչների միջեւ: Կը յիշէք, ես սրա մասին խօսել եմ նախկինում, որ նման հանդիպում նախատեսուած է, եւ հանդիպմանը քննարկուել է այս պայմանաւորուածութիւնների իրագործումը եւ ոչ միայն, քննարկուել են ընդհանուր առմամբ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի ապաշրջափակման հետ կապուած հարցերը», ըսաւ Ռուբինեան:
Հայկական կողմէ ոչ ոք յստակ դարձուց, թէ հայաստանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ որոնք կային։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն միայն նշեցին, որ անոր մէջ ներգրաւուած են հայ-թրքական սահմանի բացման հետ կապ ունեցող գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները: