ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին կոչ ըրաւ Լիբանանի իշխանութեանց, որ բանակցութեանց սեղան գալով խաղաղութեան համաձայնագիր կնքեն Իսրայէլի հետ, միաժամանակ պնդելով, թէ Իսրայէլ յատկանշական արդիւնքներ ապահոված է «Հըզպալլա»ի դէմ իր վերջին պատերազմին ընթացքին:
Օլմերթ այս յայտարարութիւնը կատարեց Իսրայէլի խորհրդարանին բացման նիստին ընթացքին, մինչ Լիբանանի հանդէպ Իսրայէլի կառավարութեան քաղաքականութիւնը կը քննադատուէր իսրայէլեան զանազան քաղաքական շրջանակներու կողմէ:
Միաժամանակ, Օլմերթ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ պատրաստ չէ Սուրիոյ հետ բանակցելու, որովհետեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ պաղեստինեան զինեալ կազմակերպութեանց: