Վստահութիւն ունենալու խնդիրը միշտ ալ մտահոգած է մարդկային ընկերութիւնը: Այդ մտահոգութիւնը սակայն, միշտ ալ ունի իր տարբեր չափանիշները իրարմէ տարբեր կացութեանց մէջ: Մտածելով կեանքին պարզած դժուարութիւններուն ու անակնկալներուն մասին, մարդիկ այս կամ այն չափով նախապատրաստութիւն կը տեսնեն: Անոնք կը փնտռեն վստահելի անձ մը եւ նոյնիսկ այնպէս կը պատկերացնեն, թէ ունին այդպիսի անձ մը իրենց շրջապատին մէջ, որուն կրնան դիմել նեղ կացութեանց մէջ, առաջքը առնելու համար չկանխատեսուած դժուարութիւններու: Սա աւելի կը դիւրացնէ մարդոց կեանքը այս երկրի վրայ: Այլապէս, իրարու հանդէպ վստահութեան չգոյութեամբ կեանքը շատ աւելի տխուր պիտի ըլլար, եւ աշխարհը շատ աւելի անբնակելի միջավայրի մը վերածուած:
Վստահութեան հարցերը կը տարբերին իրարմէ եւ անոնց համապատասխան ձեւով ալ վերաբերում կը ճշդուի մարդուն կողմէ, անոնցմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ: Այսպէս՝ գործի մէջ վստահութեան հարց, ամուսնութեան պարագային հաւատարմութեան՝ փոխադարձ վստահութեան խնդիր, նիւթական ինչքերու մատակարարման կամ տնտեսական հարցերու յանձանձման խնդիր եւ այլ կալուածներու եւ բնագաւառներու մէջ իրարու վստահելու հարցեր:
Շնչաւոր էակ մը կամ այս պարագային մարդ արարածը ուրիշին վստահելու հարցին մէջ ինչքա՜ն զգուշութեամբ կը վարուին մարդիկ: Այսպէս, աշխատող ծնողներ, յատկապէս մայրեր, իրենց անչափահաս զաւակները ինչքա՜ն մտահոգութեամբ ու վախով առաջին անգամ կը յանձնեն մանկամսուրներու խնամատարներուն, բազմապիսի թելադրութիւններ ու երբեմն ալ խոստումներ կատարելով անոնց, որպէսզի լաւ վերաբերում ցոյց տան իրենց հոգեհատորներուն: Նոյնը կարելի է նկատել չափահասներու պարագային եւս: Այսպէս օրինակ, երբ չափահաս հիւանդ մը գիշեր ատեն առանձին պիտի մնայ հիւանդանոցի իր սենեակին մէջ, անոր հարազատները ինչքա՜ն մանրամասն թելադրութիւններ կը կատարեն հիւանդապահուհիներուն՝ աւելի ուշադիր ըլլալու անոր զանգի կանչերուն եւ ի պահանջել հարկին՝ բժիշկին իմաց տալու զոյգ պատուէրներով:
Աշխատանքի պարագային վստահութիւնը ամէնէն աւելի տարածուած տեսակն է, որովհետեւ կարելի չէ բոլոր աշխատանքները մէկ անձի վրայ կեդրոնացնել: Ուրեմն՝ ամէնէն աւելի այս կալուածէն ներս պէտք է վստահիլ իրարու: Մարդիկ պարտաւոր են անպայման գործընկերներ ունենալու: Ինչքան ալ ինքնավստահ ըլլան, կամ ինչպիսի մեծ կարողութեան տէր ալ ըլլան, մարդիկ դարձեալ պէտք ունին օժանդակող ձեռքերու, ամբողջութեամբ կարենալ իրագործելու համար իրենց առաջադրած նպատակները:
Դուն առանձինն կրնաս հսկայ հիմնարկութեան մը կամ գործարանի մը հիմնադիրը ըլլալ, համաձայն ունեցած վարչական կարողութեանդ եւ նիւթական հսկայ եկամուտիդ: Սակայն, ինչքան ալ կեդրոնացեալ հիմնարկ մը ստեղծես՝ մէկ մուտքով, քու պատասխանատուութեամբդ, այսինքն որուն վրայ դուն անձա՛մբ հսկողութիւն պիտի կատարես, դարձեալ պէտք ունիս գործընկերներու, որոնք ներքին բազմաթիւ բաժանումներուն հսկեն, ներքին հազարաւոր դուռները բանան ու փակեն եւ առօրեայ դրութեամբ կատարուող աշխատանքին բծախնդիր հսկողութիւնը կատարեն:
Ապահովական պատճառներով, պետութիւններ խիստ միջոցներու դիմած են յատկապէս իրենց սահմանային գօտիներուն եւ անցքերուն վրայ, ինչպէս՝ օդակայան, նաւահանգիստ եւ ցամաքային սահմաններ: Նախապէս ճամբորդներուն ընծայուող դիւրութիւնները, երկրէ երկիր անցքի հեշտ միջոցները վերատեսութեան ենթարկուած են ներկայիս: Նոյնիսկ, օդակայաններու մէջ, նախապէս անկարեւոր նկատուող դուռները ներկայիս կղպուած են եւ մասնաւոր պարագաներու միայն կը բացուին անցորդներու դիմաց: Սակայն, ձեռք առնուած այդ ապահովութիւնը դրութեան մը՝ կանոնի մը հիման վրայ կը կատարուի, որուն գործադրողները մարդիկ են դարձեալ: Տուեալ պետութեան ներքին գործոց եւ ապահովական իշխանութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուները, որոնք օրէնքները կը սահմանեն, իրենք չէ՛, որ կը հսկեն այդ բոլոր անցքերուն, այլ իրենցմէ աւելի փոքրաւորներու հրահանգ տուած ըլլալով, յատուկ պաշտօնէութիւն մը կեանքի կը կոչուի, որ կատարէ իրեն տրուած բոլոր թելադրութիւնները: Այդ պաշտօնէութեան մաս կը կազմեն երբեմն երիտասարդ ուսանողներ եւ ուսանողուհիներ, որոնց վստահուած է կղպուած դուռները բանալով ճամբորդներուն անցքի արտօնութիւն տալու եւ ապա փակելու պարտականութիւնը: Անոնք գործի սկսելէ առաջ, իրենց ներկայացուցած ինքնակենսագրականով (cv), հարցուփորձ-տեսակցութեան (interview) ընթացքին արձանագրած յաջողութեամբ վստահութիւն ներշնչած կ’ըլլան տուեալ սահմանի վարչութեան, եւ այնուհետեւ մարդիկ կը վստահին անոնց: Հետաքրքրական է նաեւ, որ այդ վստահութիւնը աճ կ’արձանագրէ, օրերու, ամիսներու եւ տարիներու գումարումով, որուն համար նաեւ կը վարձատրուին վստահութեան մէջ իրենք զիրենք գերազանցող պաշտօնեաներ:
Վստահութեան իմաստով ամէնէն լպրծուն գետինը ամուսնութեան մէջ փոխադարձ վստահութիւն ունենալու կամ լաւ եւս՝ հաւատարմութեան խնդիրն է: Կասկածամտութիւնը իր աւերիչ դերը կը կատարէ այն պարագային, երբ վստահութիւնը տեղի կու տայ վերապահ կեցուածքի եւ անվերջանալի հարցականներու: Ընտանիքի մը քայքայումը կը սկսի ճիշդ այդ կէտէն, երբ փոխադարձ անկեղծութիւնը կը վերածուի խորհրդաւոր վերաբերումի՝ կասկածամտութեան: Կասկածը այն փոքր կայծն է, որ կրնայ հրդեհել ընտանիքի մը «ցորենի» ամբողջ ամբարը, որմէ «հաց» պիտի թխէին հետագայ սերունդներ, թոռէն մինչեւ ծոռը…: Թո՛ղ տալ, որ ամուսիններէն իւրաքանչիւրը իր ըմբռնումները ունենայ, անոր նկատմամբ վստահութեան առաջին քուէն տալ կը նշանակէ: Այդպիսով հիմնաքարը դրուած կ’ըլլայ առողջ ընտանիքի մը, ուր իրարու նկատմամբ վստահութիւնը օրէ ցօր աւելի կ’աճի, եւ ուր կը տիրէ փոխադարձ սէր, նուիրում, գուրգուրանք ու յարգանք:
Մարդ էակը ուրիշին նկատմամբ վստահութիւն ունենալու առաքինութիւնը Աստուծմէ՛ պէտք է սորված ըլլայ: Արարիչը ըլլալով այս ամբողջ տիեզերքին, Աստուած ի՛նք իր գործին շարունակութիւնը վստահեցաւ մարդոց: Իւրաքանչիւր մանուկի լոյս աշխարհ գալը Աստուծոյ գործին շարունակութիւնը չէ՞ միթէ, զոր Ան մարդուն վստահեցաւ արարչագործութենէն անմիջապէս ետք: Երեւակայեցէք պահ մը այնպէս, թէ Աստուած բոլոր մարդիկը ստեղծած է չափահաս, եւ երեխաներ չկան տակաւին աշխարհի երեսին: Ու ահա յանկարծ, երբ կին մը ծննդաբերէր, աշխարհի բոլոր լրատուամիջոցները անոր պիտի չանդրադառնայի՞ն իբրեւ անսովոր երեւոյթ մը: Վստա՛հաբար: Եւ ահա ամէն օր հազարաւոր անգամ նոյն այդ «արտասովոր» երեւոյթը կր շարունակուի, երբ ամէն մէկ ծնող երեխայի հետ մարդոց ձեռքով Աստուծոյ գործին շարունակութիւնը կը կատարուի մեր աչքերուն առջեւ…:
Արարիչ Հօր օրինակով, Աստուածորդին ի՛նք ալ իր առաքելութեան շարունակութիւնը իր կողմէ ընտրեալ մարդոց չվստահեցա՞ւ, զորս աշակերտներ կոչեց, եւ որոնք հետագային դարձան իր բարի լուրը տարածող առաքեալները:
Դո՞ւն ինչու չե՛ս կրնար վստահիլ մէկու մը: Ուրիշներու նկատմամբ ունեցած վստահութեան պակասդ քու տկարութի՛ւնդ ցոյց կու տայ ամէն բանէ առաջ: Մինչ ցուցաբերելիք վստահութիւնդ քու եւ ուրիշներու գործը յառաջ պիտի տանի մեծ ոստումներով: Բնականաբար թերութիւններ պիտի ըլլան, սխալներ պիտի սպրդին, ձախորդութիւններ պիտի արձանագրուին, սակայն համեմատաբար կասկածամտութեան ստեղծած անվստահելի մթնոլորտին, այս մէկը աւելի՛ շինիչ պիտի ըլլայ, ուսուցողական ու դաստիարակիչ…: Փորձէ՛: