Երեւանի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան մանկապատանեկան մարզական դպրոցին մէջ տեղադրուեցաւ Ողիմպիական խաղերու եռեակի, աշխարհի, Ասիական խաղերու եւ Եւրոպայի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի կիսանդրիին բացումը: Կիսանդրիին հեղինակը քանդակագործ, Նկարիչներու միութեան անդամ Գերասիմ Շահվերտեանն է:
Ալպերթ Ազարեան 1952ին դարձաւ Խորհրդային Միութեան ախոյեան: 1955ին ան մասնակցեցաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան մցումներուն եւ նուաճեց երկու մետալ` օղակներ եւ զուգափայտ:1956ին, Մելպուրնի Ողիմպիական խաղերուն (Աւստրալիա) օղակներու վրայ մրցումներուն դարձաւ ողիմպիական ախոյեան: Այդ օրերէն «Ազարեանական խաչ» իւրայատուկ ոճը դարձաւ անոր անունին հոմանիշը:
1958ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը` օղակներու վրայ: 1960ին, Իտալիոյ մէջ դարձաւ Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, 1963ին մասնակցելով Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիական խաղերուն նուաճեց երկու ոսկիէ մետալ եւ նուաճեց բացարձակ ախոյեանի տիտղոսը:
«Օղակներու թագաւոր» Ալպերթ Ազարեան աշխարհի 49 երկիրներու մէջ մասնակցած մրցումներուն ընթացքին նուաճած է 45 ոսկի, 42 արծաթ եւ 10 պրոնզ մետալներ: 11 անգամ շահած է Խորհրդային Միութեան ախոյեանութեան տիտղոսը, մեծամասնութիւնը` օղակներու վրայ:
Ազարեան 2000ին արժանաւորապէս ճանչցուեցաւ 20րդ դարու Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը եւ մինչ օրս կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնամարզութեան դաշնակցութեան պատուաւոր նախագահը: