ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններէն Խարբերդի մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին ամբողջութեամբ անհետանալու վտանգին տակ է, կ՛ահազանգէ թրքական «Էվրենսել» թերթըը։
Ըստ աղբիւրին՝ 6րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին յետագային կոչուած է նաեւ Խուլէվանք։ Սուրբ Գէորգ վանքը 15րդ դարուն վերածուած է նշանաւոր գրչակեդրոնի։ Վանքի հոգեւոր սպասաւորներէն Գէորգ արքեպիսկոպոսի հեղինակութեամբ, 1443ին հրապարակուած գիրքին մը մէջ կը նշուի, որ վանքը լքուած է Լենկթեմուրի արշաւանքներուն ընթացքին, սակայն յետագային հայ հոգեւորականները վերականգնած են զայն։
Վանքէն մեր օրերը հասած է միայն եկեղեցին, որ կը գտնուի Խարբերդի (այժմ, թրքական անուանումով՝ Էլազըղ) Շահինքայա թաղամասին մէջ։ Թէեւ սրբավայրը պաշտօնապէս արձանագրուած է իբրեւ մշակութային հարստութիւն, թրքական իշխանութիւնները զայն ձգած են ճակատագիրի քմահաճոյքին։
Եկեղեցին պարբերաբար կ՛ենթարկուի գանձագողերու քանդումներուն։ Շահինքայայի թաղապետ Հըտըր Շահին կը շեշտէ, որ ինք շատ ջանք թափած է եկեղեցւոյ պահպանման ուղղութեամբ, սակայն իշխանութիւնները տէր չեն կանգնած կառոյցին։ «Էվրենսել»ի թղթակից Օզքան Զիւլֆիքեարի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ ան կ՛ընդգծէ, որ թէեւ անցեալ տարի Խարբերդի քաղաքապետը իր այցելութեան ընթացքին խոստացած է զարգացնել զբօսաշրջութիւնը, սակայն տակաւին ոչ մէկ զարգացում տեղի ունեցած է։
Զիւլֆիքեար հրապարակման աւարտին կը յայտնէ, որ հարցին շուրջ մեկնաբանութիւններ ստանալու նպատակով՝ Խարբերդի քաղաքապետարանը դիմած իր հեռաձայնները մնացին անպատասխան։