Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի օրհնութեամբ՝ տպուեցաւ եւ արդէն իսկ հրապարակի վրայ է Ազգային առաջնորդարանի 2023 տարեշրջանի գեղատիպ օրացոյցը:
Կողքի նկարը կը խորհրդանշէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռոյ յարութենական ներկայութիւնը մեր համազգային կեանքին մէջ, կը նախերգէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի թեմը եւ կը նշէ թեմիս 50ամեակը:
Օրացոյցին ներքին պատկերները կը վերաբերին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ պահ դրուած սրբութիւններուն, Ալեք սրկ. Գալայճեանի գեղեցիկ ձեւաւորմումով
Ստորեւ կու տանք օրացոյցի առաջին ճակատը զարդարող առաջնորդ սրբազանին օրհնութեան խօսքը.
ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԵՐԱՇԽԻՔ
Մերազն ժողովրդեան շա՛տ սիրելի զաւակներ,
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային հպարտ ապրումներով կ՛ողջունենք ձեզ, ձեր ընտանիք-հարազատները եւ մեր սրտագին աղօթքը կը բարձրացնենք առ Երկնաւոր Հայրը՝ խնդրելով, որ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան այս մեծ տօներուն առիթով մե՜ծ ըլլայ նաեւ երկինքին պաշտպանութիւնը մեր բոլորին վրայ, մե՜ծ ըլլայ մեր տէր Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր օրերուն ու գործերուն մէջ եւ մե՜ծ ըլլան ի վերուստ շնորհուած օրհնութիւնները Հայաստանի ու համայն հայութեան կեանքին մէջ, որպէսզի ե՛ւ անհատական մեր կեանքը, ե՛ւ ազգային, հայաստանամէտ ու հայանպաստ մեր գործարքներն ու գործունէութիւնները շքեղօրէն պարուրուին երկնային յաղթականներու լուսաւոր ու անշէջ ներկայութեամբ եւ յաջողութիւնը աներկբայ ուղեկիցը դառնայ ազգի բոլոր նախաձեռնութիւններուն, եկեղեցաշէն ու ժողովրդանուէր ամենաբոլոր ծրագիրներուն:
Յատկապէս ա՛յս հանգրուանին, երբ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ եւ սրբազնագոյն հայրապետը 2023 տարեշրջանին եւս Հայ Սփիւռքը կը դարձնէ մեր բոլորին ոսպնեակին կեդրոնը, մէկ կողմէ՝ տարի մըն ալ նուիրելով Սփիւռքի վերակազմակերպման յոյժ կարեւոր նպատակին, միւս կողմէ՝ Հայոց պետականութեան գոյերթը վերիմաստաւորելով ռազմավարական խորքայի՛ն նշանակութեամբ, որ Հայաստանի հզօրացման հիմքը կը կազմէ եւ անոր տեւելու ու տոկալու յարատեւ ճիգին ու սլացքին նոր թռիչքներ կը պարգեւէ:
Մի՛շտ երախտագէտ սրտով մեր աչքերը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռը ահա՛ 65 անմնացորդ տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր ծառայութիւնը բերել ամերիկահայոց, իսկ Արեւմտեան թեմը 50 տարիէ ի վեր՝ որպէս ինքնուրոյն միաւոր, իր եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ կառոյց-միութիւններու ճամբով ինքզինք կ՛իրագործէ բոլորանուէր եւ ամբողջական ծառայութեամբ, մինչ մեզի կը մնայ վսեմագոյն զգացումներով եւ որդիական ակնածանօք սպասել հովուապետին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի շնորհաբեր այցելութեան, յԱրեւմտեան թեմ:
Աղօթարար՝
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, առաջնորդ
Արեւմտեան ԱՄ Նահանգներու Հայոց Թեմի