ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Կարճ խօսքով…

Զարմանալի է հայը… Իր պատմութիւններն են երկարապատում, իր բառերն են երկարակազմ, եւ իր մայրենին է երկարակեաց: Հայը ունի երկարամօրուս պատրիարքներ, կը լսէ երկարաշունչ ճառեր եւ կը կատարէ երկարաձիգ ժողովներ: Հայուն բացման խօսքերն են երկար, ծէսերը երկար, միտքը երկար եւ ըստ յոյներու՝ իր դրացիական այցելութիւններն են երկար: Կարելի է երկա՜ր խօսիլ նաեւ այդ առոգանութեան ալիքաձե՜ւ նշանին մասին, որուն անունն է՝ երկա՜ր, բայց խօսքը չերկարեմ. ի՞նչ է պատճառը, մտմտացի. «երկար» բա՛ռն է, որոշեցի, ու մտածեցի անոր պատմութիւնը գրի առնել, ո՛չ շատ երկար, լոկ հազար բառ, երբ այսօր հայոց հանրապետութիւնը աշխարհաքաղաքական երկար նեղուցէ մը կ՛անցնի, երկար ձմեռ մը կը սպառնայ Արցախի բնակիչները, եւ՝ կը պատրաստուինք մօտ օրէն իրարու մաղթել երջանիկ, առողջ ու յաջող երկա՜ր տարիներ:
ԵՐԿԱՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
«Երկար» բառը երկար տարիներ է որ կ՛ապրի իր ժողովուրդին հետ: Անոր երկարամեայ պատմութեան ստուար մատեանի առաջին էջին վրայ նախ գրուեցան «երկարաձիգ» ածականը եւ «ընդերկար» մակբայը, ապա Ղազար Փարպեցի անոր շնորհեց բայ մը՝ «երկարել»: Ե. դարուն, «երկար» ածականը արդէն իսկ կը գործածուէր թէ՛ իբրեւ ժամանակի տեւողութիւն եւ թէ՝ տարածութիւն: 10րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացի ըսաւ, թէ Տէրը «երկայնամիտ» է եւ ունի «երկար տեսողութիւն»: Յաջորդ դարերուն, «երկար» ածականը ծնունդ տուաւ 125 բաղադրեալ բառերու: Բոլորը յիշելու համար երկար ժամանակ պէտք է, ուստի կը բաւարարուիմ պատկերալից վեցեակ մը մէջբերելով. երկարաբազուկ, երկարաթարթիչ, երկարածնօտ, երկարապարանոց, երկարակտուց, երկարափետուր:
ԵՐԿԱՐ ԿԵԱՆՔ
«Երկար» բառը յարմար եկաւ բարեմաղթութիւններ շնորհելու համար: 1272 թուականին, գրիչ Աւետիսը երբ աւարտեց Կեռան թագուհիին պատուիրած աւետարանը, գիրքի յիշատակարանին մէջ ան Լեւոն արքային եւ Կեռան թագուհիին ուղղեց բազմաթիւ օրհնութիւններ, ապա աղաչեց, որ «փրկիչ մարդկան եւ թագաւոր միշտ յաւիտեան» Տէր Քրիստոսը Հեթումին՝ 11 տարեկան թագաժառանգ երեխային, պարգեւէ երկար կեանք. «Եւ զՀեթում սոցին որդի, թագաժառանգ Հայոց սեռի, պահեա կենօք երկար ելի»: 1600ներուն, տաղասաց եւ մատենագիր Ղազար Թոխաթեցին ըսաւ, թէ մարդը ճանապարհորդ մըն է, իսկ բարերար Աստուած անոր թող շնորհէ երկար տարիներ. «Պարգեւեսցէ զքեզ ժամանակ երկար»: Նոյն օրերուն, բանաստեղծ, աշուղ, նկարիչ եւ ծաղկող Նաղաշ Յովնաթան, «Խրատ պէտքական հասարակաց» տաղին մէջ մեզի բացատրեց երկար ապրելու գաղտնիքը.
«Ո՜վ մարդ, որ կամիս կեանքդ երկարի.
Եւ խաղաղ մնաս վերայ աշխարհի,
Թող չար խօսելոյ լեզուդ դադարի,
Փախիր ի չարէ եւ արա՛ զբար»ջ:
«Երկար» բառը տեղ գտաւ նաեւ բազմաթիւ այլ խրատներու մէջ: Գրող, գրականագէտ Գէորգ Հայրեան արդարամիտ խօսք մը ըսաւ. «Ուրիշի փառքից ստացած ջերմութիւնը երկար տաքացնել չի կարող»: Արցախեան առած մըն ալ մարդը կը քաջալերէ արդար ապրելու. «Հարամ հաց օտողը էրկան ապրել չի»:
ՂԱՐԻՊԻ ԵՐԿԱՐ ՃԱՄԲԱՆ
Հայը, երբ քալեց պանդուխտի ճամբան, նկատեց, թէ շա՜տ երկար է անիկա: Աւետիք տաղասացը, հայրենի կարօտով կիզուած՝ ըսաւ, թէ ղարիպութիւնը խիստ դժուար ճանապարհորդութիւն է. «Յառաջ կ՛երթամ, ոտքս չ՛երթար, / Զի ճանապարհս է խիստ երկար»: Ո՞վ մխիթարութիւն կրնար տալ պանդուխտին: Յովհաննէս Թումանեան 1899ին աղաչական խօսք ուղղեց բանաստեղծին. «Յոյս տուր վհատին, սփոփիր որբին, / Ոյժ տուր պանդխտին՝ իր երկար ճամբին»:
ՀԱՄԱՌՕՏ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այսօր «երկար» բառով կազմուած տասնեակ մը պատկերալից արտայայտութիւններ կը հարստացնեն մեր առօրեայ զրոյցները: Մենք կը խաղանք «երկար էշ», մը մաղթենք «երկար կեանք», չենք սիրեր «երկար լեզու», կը նախընտրենք «երկար մտածել», մեծ որոշում մը տալէ առաջ՝ «երկար-բարակ» հաշիւներ կ՛ընենք: Գլխացաւ պատճառող գործէ եւ զբաղումէ կը խուսափինք, զայն կոչելով՝ «երկար պատմութիւն»:
ԵՐԿԱՐԱՇՈՒՆՉ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Երկար» ածականը երկա՜րօրէն մտածել տուաւ հայուն: Այս պարզ երկվանկը խոհական տողերու վերածուեցաւ: Զապէլ Եսայեանը մեկնաբանեց կնոջ ներաշխարհը. «Գաղափարի մը վրայ երկար ատեն թառելու մտածումն է որ քեզ կը խրտչեցնէ, ատիկա կնոջ մտքին յայտի տկարութիւնն է»: Սիլվա Կապուտիկեանը անհատական մտածում մը գրի առաւ. «Ես չեմ ապրում արդէն ու ես չեմ էլ մեռնում, / Եւ իմ չմեռնելը տեւելու է երկար»:
ԵՐԿԱՐԻ ՈՒ ԿԱՐՃԻ ՊԱՅՔԱՐԸ Հայկական մտածողութեան մէջ երկարի ու կարճի պայքար մը գոյութիւն ունի: Ո՞ր մէկն է թանկագինը, ցանկալին? կա՞րճը, թէ երկարը: Այս մրցակցութեան մէջ, ցաւօք սրտի, երկարը յաճախ կը պարտուի: Այս նիւթին շուրջ, իբրեւ մանկավարժ իր առաջին կարծիքը տուաւ հայ գրող եւ հրապարակախօս Ղազարոս Աղայեանը. «Դաստիարակելու համար ո՛չ թէ երկար ժամանակ է հարկաւոր, այլ՝ կարճ ժամանակի խելացի օգտագործում»: 1916 թուականին, Յովհաննէս Թումանեանը գրեց իմաստասիրական քառեակ մը ու յորդորեց, թէ ո՛վ հաւատայ, որ միտքը երկար է՝ կը սխալի. «Հէ՜յ ագահ մարդ, հէ՜յ անգոհ մարդ, միտքդ երկար, կեանքդ կարճ… Խաղաղ անցիր, ուրախ անցիր երկու օրուան էս ճամբէդ»: 1990ներուն, թատերագիր Ժորա (Գեւորգ) Յարութիւնեանը աւարտեց այս վէճը՝ ըսելով. «Պարանի երկարն է լաւ, խօսքի՝ կարճը»:
ՔՆԱՐԻ ԵՐԿԱՐ ԼԱՐԸ
Եղան օրեր, երբ «երկար» ածականը քնարական դարձաւ: Անիկա ծառայեց իբրեւ սիրային նուրբ զգացումներ փոխադրող բառ: 1500ներուն, աշուղ Նահապետ Քուչակ աղաչեց, որ գիշերը տեւէ շա՜տ երկար, տարի մը գոնէ, քանզի իր եարն էր իրեն հիւր եկեր. «ԳիշեԲր, դուն յերկան կեցիր, տարեկ մի եղիր, թէ կարես»: Դուք տեսա՞ծ էք անոր եարը, հասակը, մէջքը… Թող տղան պատմէ. «Եղէգն ի շամբին միջին / կու ճօճայ, այն քոԲւ անձն է. / Քու մէջքդ է բարակ եւ երկան»: Իսկ դուք գիտէ՞ք, թէ աշխարհընտիր գեղեցկուհիի մը տիրանալու համար, Սիւնեաց իշխան Բակուր որքա՜ն պայքարեցաւ: Պատմութիւնը լսենք Դանիէլ Վարուժանի գրիչէն. «Վրաց երկրէն, ուր կիները կը ծաղկին վարդի պէս, / Զայն նիզակովս եմ շահեր, մարտիկներու ընդդէմ վէս / Մղելով երկար պայքարներ»:
Վարուժան պատճառ եղաւ, որ մենք, յարգելի ընթերցող, մօտենանք Պոլիս: Բայց՝ զգո՛յշ: Նշան Պէշիկթաշլեան պոլսահայուն մասին քանի մը ըսելիք ունի. «Պոլսեցին երկար-բարակ բաներ շատ ունի: Հասակը երկար է, միտքն ալ երկար է, ձայնը երկար է, ոտքը երկար է ու, մարմինը համաչափ ըլլալով՝ ձեռքն ալ երկար է: Չկարծուի, թէ ձեռքը երկար ըլլալուն համար՝ կը գողնայ վանքին հաւերը: Քա՛ւ լիցի»: Մայրաքաղաքը սակայն ունէր պատուաբեր բանաստեղծներ: Մատթէոս Զարիֆեան Փրինքիփօ կղզիին վրայ անհատնում համբերութեամբ սպասեց իր սիրածին. «Եկա՞ր… / Որչա՜փ երկար / Սպասեր եմ քեզի, գիտե՜ս, / Այս սեւ թուփին տակ անտես»: Քաղաքի Ասիական ափին վրայ Զապէլ Եսայեան օրուան վերջալոյսին տխրեցաւ. «Զարմանալի չէ՛, որ այսքան անոյշ մելամաղձոտութեամբ տոգորուած երկրի մը մէջ, սիրոյ եւ վայելքի երգերը անգամ երկար ողբեր ըլլան, տխրութիւնով լեցուն»: Նոյն օրերուն Ռուբէն Սեւակ ըսաւ, թէ սիրածին տանող ճամբան երկար է. «Ու ի՜նչ երկար ու դառնօրէն հրակէզ»: Համաստեղը մեզի պարգեւեց քնքոյշ տողիկներ, ուր գոմէշի թարթիչը եւ գարնան անձրեւն իսկ քնարական են, ինչպէս՝ սիրահարներու համբոյրը. «Գոմէշներուն ու եզներուն երկար-երկար թարթիչներով աչքերուն մէջ գարունի կանաչ հորիզոն մը կը լայննար… Դուրսը անձրեւը կ՛իջնէր աւելի յորդ, երկար ու պարան-պարան… Վերը արագիլը կը դառնար տակաւին, Աւետարանի երկու էջերու պէս թեւերը լայն բացած, եւ կ՛օրհնէր առաջին երկար տեւող համբոյրը դեռ նոր նշանուած զոյգ սիրողներուն»: Խորհրդահայ հողի վրայ Պարոյր Սեւակն է, որ նկատեց «երկար» բառի ոգին. «Անձրեւն իր հալուած երկար մատներով / Մատնահարում է լռին մայթերի գորշ ստեղները… Եւ սխալ է, որ մենք վայրկեաններով / Ժամն ենք չափում: Ճիշտը հակառակն է գուցէ՝ / Կարճ ժամերով չափել վայրկեանները երկար… Վերջալոյսի շեղ շողերի միջնորդութեամբ / Երկարում էր քո ստուերը՝ հմայքի՛դ պէս, / Ու քայլում էր քեզնի՛ց առաջ՝ հմայքի՜դ պէս»:
ԵՐԿԱՐԱԿԵԱՑ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԸՆԹԵՐՑԵԼ
Հայկական գրատպութեան մէջ «երկար» բառը, յարգելի ընթերցող, մի՛ փնտռէք երկար-բարակ: Հոն կայ միայն երեք անուն գիրք, որոնք կեդրոնացած են ամենակարեւոր նպատակին՝ ընթերցողի երկայնակեցութեան վրայ. «Պատերազմ ընդդէմ թշնամեաց մարդկային կենաց կամ առողջ, երջանիկ եւ երկար կեանք անցնելու միջոցները»՝ Կ. Պոլիս, 1872, «Երկար կեանք եւ նորա պայմանները»՝ Մոսկուա, 1882, «Առողջ եւ երկար ապրելու համար ներկայ բժշկագիտութեան վերջին հետազօտութիւնների հետեւանքները»՝ Թիֆլիս, 1911:
ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ԼՈՅՍ ՉԻ ԼԻՆԻ
Հայրենի մամուլը եւ «երկար» բա՞ռը… երկա՜ր պատմութիւն: Խորագիրները կարճ խօսքով կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս է կեանքը հայրենիքի մէջ. «Մարզերում եւ Երեւանում երկար ժամանակով լոյս չի լին»ջ, «Երեւանի մի շարք հասցէներում այսօր երկար ժամանակ ջուր չի լինի», «Պլինքըն կարեւոր նկատեց Արցախի տագնապի համապարփակ եւ երկարատեւ կարգաւորումը», «Հայաստան սահմանեց համաշխարհային մրցանիշ՝ օդապարիկով կատարած ամէնէն երկար թռիչքով»: Իսկ այժմ, Նոր Տարուան նախաշեմին, ձիւնը կը տեղայ երկա՜ր-երկա՜ր ու հայրենի քաղաքները կը ստանան գեղեցիկ տեսարան, ինչպէս Հենրիկ Բաբաջանեան մանկական բանաստեղծութեան մը մէջ նկարագրած էր. «Ձմեռ, դու բարով եկար՝ / Ճերմակ փեշերով երկար»: Իսկ ձախո՞րդ օրերը… Աշուղ Ճիւանի վստահեցուց, թէ վհատիլ պէտք չէ, անոնք վերջ կ՛ունենան, անոնք ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան. «Դառն ցաւերը մարդու վերայ չեն մնայ երկար, / Որպէս յաճախորդ՝ շարուէ-շարան կու գան ու կ՛երթան»:
ԵՐԿԱՐ ՈՒ ԵՐՋԱՆԻԿ ՏԱՐԻՆԵՐ
Յարգելի ընթերցող, երբ կը մօտենայ Նոր Տարին, թող բոլոր սիրտերը ջերմութեամբ լեցուին, ձմեռ օրերը հեռանան, ու երկայնամիտ երկարատեսը ձեզի պարգեւէ երջանիկ, առողջ ու յաջող երկա՜ր տարիներ: Որպէսզի գարնան ջերմութեամբ եւ լաւատեսութեամբ աւարտի յօդուածս, ձեզի հրաժեշտ կու տամ Գուսան Աշոտի սէր բուրող երգով մը.
«Աշուղ եմ էդ քո սեւ-սեւ աչերիդ,
Էդ անոյշ լեզուիդ, կեռ-կեռ ունքերիդ,
Մուշկ ու ամբար էդ երկար ծամերիդ.
Ոչ մի ծաղիկ քո բուրմունքը չունի,
Ոչ մի մայր քեզ պէս գէօզալ չի ծնի»: