ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Բոլոր պատերազմներուն պարագային, անխուսափելի հետեւանքներէն են բնակջութեանց ներքին տեղափոխութիւնները, արտագաղթը եւ անոնց ընկերակցող մարդկային տառապանքն ու դժբախտութիւնները, եւ ոչ բոլորին առջեւ ծովը ճեղքուելով՝ առիթ կու տայ բազմութիւններուն հանգիստ ձեւով հեռանալու վտանգի գօտիէն, ինչպէս Կարմիր ծովը բացուած էր Եգիպտոսէն փախուստ տուող հրեաներուն առջեւ, սակայն բոլոր ազատածներուն անխտիր վիճակուած է «անապատին մէջ 40 տարուան թեքերումները»:
Ռուս-ուքրանական պատերազմին իբրեւ հետեւանք, բազմամիլիոն ուքրանացիներ պատերազմի արհաւիրքէն փախուստ տալով ապաստան գտան եւրոպական երկիրներ. անոնց մէջ վստահաբար կան նաեւ հինգ հարիւր հազարի հասնող հայկական հին գաղութէն մարդիկ, իսկ Ռուսիոյ մէջ յայտարարուած մասնակի զօրակոչին իբրեւ հետեւանք, այս անգամ ալ Ռուսիայէն բազմահազարներ կը խուժեն հարեւան ու մանաւանդ նախկին խորհրդային երկիրներ, որոնցմէ ամենագլխաւորը Ղազախստանի հանրապետութիւնն է, որ հազարաւոր քիլոմեթր երկարութեամբ անվերահսկելի սահման ունի Ռուսիոյ հետ, ուրկէ հետզհետէ տեղափոխուելու համար այլ երկիրներ, ո՛ւր որ հնարաւոր է, ներառեալ՝ Հայաստան:
Հայաստանի պարագային, ճշգրիտ տուեալներ դժբախտաբար չկան այն մասին, թէ քանի հոգի ապաստան գտած է հոն, սակայն կը խօսուի շուրջ հարիւր հազար ռուսերու ժամանումին մասին, եւ ինչպէս կ՛ենթադրուի, գաղթը տակաւին կանգ չէ առած, մասնաւորաբար մասնակի զօրակոչի յայտարարութենէն ետք:
Ռուսերը, սակայն, երեւացող եւ զատորոշուող զանգուածն են՝ իրենց լեզուին եւ արտաքինին պատճառով, սակայն որքա՞ն է արդեօք Ռուսիայէն ժամանած կամ փախուստ տուած հայերու թիւը… դժուար է գնահատել, որովհետեւ անոնք հայկական անցագիրներով կը վերադառնան իրենց գիւղերն ու բնակարանները:
Հայաստան ժամանած այս զանգուածները վստահաբար անդրադարձ կ՛ունենան ընկերային, ժողովրդագրական, տնտեսական եւ ֆինանսական բնագաւառներուն վրայ: Յարատեւօրէն յարաբերելով տեղացիներու հետ, մտերմութիւն կը ստեղծուի անոնց միջեւ, իսկ տնտեսական բնագաւառը որոշ աշխուժութիւն կ՛ապրի. վերջապէս, այդ մարդիկը, ապրելով այստեղ եւ մանաւանդ ընդգրկուած ըլլալով առցանց աշխատանքներու մէջ՝ օտար դրամանիշի հոսքի աղբիւր կը դառնան, թէեւ միեւնոյն ժամանակ գնաճ կը պատճառեն:
Գալով հայերու վերադարձին, անոր անդրադարձը միանշանակօրէն դրական կարելի չէ գնահատել, գոնէ՝ մօտ ապագային, որովհետեւ աշխատանքի շուկան պէտք է զարգանայ եւ ընդարձակուի՝ մեծամասնութիւնը ընդգրկելու համար: Ի հարկէ, վերադարձողներուն մէջ կայ փոքրամասնութիւն մը, որ բարեկեցիկ է եւ կարողութիւնն ունի գործ հաստատելու Հայաստանի մէջ, հետեւաբար՝ նոր աշխատանքի առիթներ ստեղծելու: Ակնյայտ է ներկայիս բնակարանաշինութեան զարմանալի մեծ թափը: Վստահաբար գնողներուն մէջ որոշ թիւ կը կազմեն Ռուսիայէն վերադարձողները: Կը մնայ, որ աշխատանքի համար արտերկիր մեկնած գիւղացիները եւս վերադառնան իրենց դաշտերը: Բացասականը՝ Ռուսիայէն դրամական փոխանցումներու նուազումն է՝ հոն աշխատանքի գացած հայրենակիցներու վերադարձին պատճառով:
Հայաստանի մէջ, թէկուզ ժամանակաւոր կերպով հաստատուած ռուսերը, առայժմ միայն արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ աշխատողներն են: Այս իրողութիւնը հայ մասնագէտներուն կը ստիպէ մրցակցիլ անոնց հետ եւ իրենց գիտելիքները զարգացնել, որովհետեւ անոնք՝ ռուսերը, ենթադրաբար աւելի բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին:
Իսրայէլի օրինակը եթէ ուսումնասիրենք, կը հասկնանք, որ Իսրայէլ հայրենադարձած ռուսիոյ հրեաներուն առաջին՝ 1970ականներու եւ երկրորդ՝ 1991ի ալիքները, զորս իրենք «Ա» կը կոչեն եւ որոնք մէկ միլիոնէ աւելի էին, գիտական մեծ ներդրումներու ազդակ եղած են Իսրայէլի բժշկագիտական, արհեստական բանականութեան եւ ընդհանրապէս բոլոր գիտական եւ մասնաւորաբար ռազմարդիւնաբերութեան բնագաւառներուն մէջ: Այս տարուան ռուս-ուքրանական պատերազմին սկիզբէն ի վեր, դարձեալ հրեաներու քսան հազարի հասնող փախստականներու եւ գաղթողներու ալիք մը արդէն իսկ հասած է Իսրայէլ? հրէական պետութիւնը անոնց յատկացուցած է 25 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն: Իսրայէլի պետութիւնը պատրաստ է ապագային, Ռուսիոյ հրեաներէն բացի, ընդունելու նոյնիսկ այն ռուսերը, որոնք կրնան փաստել, թէ իրենց նախնեաց մէջ գոնէ մէկը հրէական ծագում ունի: Այդ վիճելի ծագումով հրեաները կը գնահատուին մօտաւորապէս վեց հարիւր հազար: Իսրայէլի պետութիւնը գիտէ, որ այս զանգուածը, ի տարբերութիւն առաջին եւ երկրորդ ալիքներուն, Իսրայէլի հրեայ ժողովուրդին մէջ ձուլուելու եւ յարմարուելու խնդիր պիտի ունենայ, սակայն անոնց օգուտը, ի վերջոյ, անգնահատելի պիտի ըլլայ՝ ժողովրդագրական պատկերը Իսրայէլի արաբ բնակչութեան եւ նոյնիսկ ուղղափառ հրեաներուն համեմատ բարելաւելու առումով:
Հայկական պետութիւնը, հասկնալիօրէն, ներկայիս այդ նիւթական կարելիութիւնները չունի՝ ապագային հաւանական ներգաղթողներու սատարելու համար, սակայն կարելի է խելամիտ տնտեսական քաղաքականութիւն մը որդեգրելով ընդունիլ այնպիսի օրէնքներ, որոնք կրնան քաջալերել ներգաղթող հայ կամ օտար գործարարները, ինչպէս՝ ներդրումներ կատարելու պարագային՝ որոշ ժամանակի մը համար հարկային պարտաւորութիւններէ զերծ պահել զանոնք, պայմանաւ որ անոնք հիմնեն այնպիսի արդիւնաբերական գործարաններ, որոնք Հայաստանի մէջ ցարդ գոյութիւն չեն ունեցած, որպէսզի մրցակցային առաւելութիւն չունենան հայաստանցի գործարանատէրերուն նկատմամբ: Այսպիսով, թէ՛ տնտեսութիւնը կը զարգանայ եւ թէ աշխատատեղեր կը ստեղծուին ներգաղթողներուն ու տեղացիներուն համար:
Թէ՛ վերջին նախագահին եւ թէ վարչապետին կողմէ՝ 2050ին հինգ միլիոնի հասնելու խոստումը ինչպէ՞ս պիտի իրականանայ, եթէ մեր երկրի բարօրութեան եւ ժողովրդագրական վիճակի բարելաւման համար չօգտագործենք հայաշխարհին մէջ տեղի ունեցող ողբերգական ճգնաժամերը:
Վերջապէս, Հին Կտակարանի «Գիրք Իսահակի» մաս 13ին մէջ յիշատակուած պարբերութիւնը, թէ՝ «Առանց հովիւի ոչխարներուն նման, ամէն ոք պիտի վերադառնայ իր ժողովուրդին եւ ամէնքը պիտի փախչին դէպի իրենց մայր երկիր»ը, չէ գրուած միայն հրեաներուն համար…
Անկախութենէն մինչեւ այսօր մեզի առիթ տրուած էր զարգանալու, հզօրանալու եւ ուժեղ պետութիւն դառնալու, իսկ մենք ոչ միայն չյառաջդիմեցինք, այլ նոյնիսկ նահանջեցինք գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ աւելին՝ հողային ու մարդկային կորուստներ ունեցանք:
Նոր տարուայ շեմին կը մաղթենք, որ վերջապէս արթննանք եւ մեկնարկ տանք այնպիսի ծրագիրներու, որոնք հետզհետէ ճամբայ պիտի բանան ուսումնասիրուած եւ հաստատուն մեր «Ալիյա»ին: