Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ՝ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալատաօ եւ Էտըմ Շիֆ շեշտեցին, թէ ատրպէյճանցիներուն կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը համակարգուած բնոյթ ունի եւ նպատակ ունի փակելու Արցախի մատակարարման միակ ուղին:
«Կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած բռնարարքները: Շատ մտահոգիչ է, որ ատրպէյճանցիներուն արտօնութիւն կը տրուի ազատ կերպով բողոքի ցոյց կատարելու միայն այն ատեն, երբ անիկա կը սպառնայ հայերու կեանքին: Անոնց կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը համակարգուած բնոյթ ունի եւ նպատակ ունի փակել դէպի Արցախ ուտելիքի, բժշկական պարագաներու եւ այլ կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու մատակարարումը արցախցիներուն, ինչպէս նաեւ սահմանափակելու Արցախի ժողովուրդի ազատ տեղաշարժը», կ՛ըսուի քոնկրեսականներու յայտարարութեան մէջ, որ նաեւ կը դատապարտէ Արցախի կազի մատակարարումներու արգելափակումը Պաքուի կողմէ, որ «տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը պահէ առանց ջեռուցման, ինչպէս կատարուած էր նաեւ այս տարուան Մարտին»:
Քոնկրեսականներ նաեւ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի կառավարութիւններուն կոչ ըրին՝ օգտագործելու իրենց տրամադրութեան տակ եղած բոլոր դիւանագիտական գործիքները՝ Պաքուի ստեղծած այս ճգնաժամը դադրեցնելու համար: