Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի նախաձեռնութեամբ, 15 Դեկտեմբերին բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներու դեսպանատուներուն եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան հայաստանեան գրասենեակներուն դիմաց: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին ճամբով յայտնեց Ստեփանեան՝ կոչ ուղղելով բոլորին՝ միանալու այս նախաձեռնութեան եւ Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին մասին բարձրաձայնելու:
Ցուցարարները իրենց երթի աւարտին միացան ՄԱԿի գրասենեակին դիմաց իրենց բողոքը արտայայտողներուն:
Ստեփանեան Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ պահանջեց, որ Ատրպէյճանի վերջին սադրիչ գործողութիւններուն, Արցախը շրջափակելու գծով հակազդէ այդ երկիրը՝ իբրեւ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրակարգ յառաջ մղող երկիր, եւ դիմէ համապատասխան քայլերու:
Ան ընդգծեց, որ արդէն չորրորդ օրն է, որ Ատրպէյճան փակած է Արցախի կեանքի ուղին եւ թոյլ չի տար, որ կենսական կարեւորութիւն ունեցող սննդամթերքի, իրերու եւ մարդոց փոխադրութիւն իրականացնել, ինչպէս նաեւ երկու օր առաջ դադրեցուցած է կազամատակարարումը:
Ստեփանեան Ատրպէյճանի այս քայլը որակեց յանցաւոր գործողութիւն եւ նշեց, որ իրենք արդէն երկու տարի է, որ կը խօսին այս մասին եւ կը դիմեն միջազգային հանրութեան, որոնց կարգին Միացեալ Նահանգներուն՝ ըսելով, որ Ատրպէյճան Արցախի մէջ կը գործադրէ ցեղային զտման քաղաքականութիւն:
«Մենք յայտարարում ենք, որ Ադրբեջանը իրականացնում է ցեղասպանական քաղաքականութիւն եւ մենք տեսնում ենք, որ այս ամէնից յետոյ միջազգային հանրութիւնը փորձում է հաւատալ Ադրբեջանի այսպէս կոչուած խոստումներին, թէ իբր կարող է ապահովել Արցախում ապրող հայերի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: Դա միանշանակ կեղծիք է, եւ այն, ինչ այսօր անում է Ադրբեջանը, այդ կեղծիքի իրական դրսեւորումն է», ըսաւ Ստեփանեան:

Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջուի տէր կանգնիլ մարդու իրաւունքներու համընդհանրութեան կարեւորութեան սկզբունքին: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները ունի այդ պարտաւորութիւնը նաեւ՝ իբրեւ ԵԱԿՀի Մինսքի խումբի համանախագահող եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ, եւ պէտք է իրական եւ շօշափելի քայլերու ձեռնարկէ ու վերջ տայ այդ անպատժելիութեան:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան իր կարգին յայտնեց, որ ցոյցին նպատակն էր միջազգային հանրութենէն պահանջել օդային մարդկային միջանցք բանալ Արցախի համար, ինչ որ այսօր կենսական հարց է: «Բացի ցամաքային միջանցքից, մենք պէտք է ունենանք նաեւ օդային միջանցք, եւ սա միջազգային հանրութեան պարտաւորութիւնն է», շեշտեց նստացոյց կատարող Բեգլարեան: