15 Դեկտեմբերին, Եւրոպական դատարանը որոշում տուաւ օր մը առաջ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած միջանկեալ միջոցներ կիրարկելու պահանջքին վերաբերեալ: Լուրը կը հաղորդէ Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչին գրասենեակը:
Դատարանը որոշեց Ատրպէյճանին ժամանակ տալ մինչեւ Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր, յետմիջօրէի ժամը 4 (Ֆրանսայի ժամանակով) պատասխան ուղարկելու Հայաստանի ներկայացուցած պահանջին վերաբերեալ, որմէ ետք դատարանը պիտի տայ վերջնական որոշում: