Հայաստան պարտաւոր է անկեղծ քայլերու դիմել յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին մէջ, յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Ըստ անոր՝ Անգարա կը շարունակէ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները յատուկ բանագնացներու մակարդակով:
«Հայաստան պէտք է անկեղծութեամբ պատասխանէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ անկեղծ մօտեցումին», յայտարարեց Չաւուշօղլու:
Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա դաշնակիցներ են, եւ ասիկա ամրագրուած է Շուշիի հռչակագիրով: «Այս մէկը բնական կը դարձնէ երկու երկիրներու միացեալ զօրավարժութիւնները, որոնք ուղղուած չեն ուրիշ պետութիւններու դէմ», ըսաւ ան: