Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի 15 Դեկտեմբերին նախագահեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան խորհրդարանի Ժ. նիստին, որուն ընթացքին դարձեալ կարելի չեղաւ նոր նախագահը ընտրել, սակայն այս անգամ գրեթէ հաւասարութիւն մը արձանագրուեցաւ` նախագահական ընտրութեան թեկնածու, երեսփոխան Միշէլ Մուաուատի եւ սպիտակ քուէներուն միջեւ:
Նախագահական ընտրութեան մասնակցեցան 109 երեսփոխաններ, որոնց քուէարկութեան պատկերը ստացաւ հետեւեալ պատկերը. Միշէլ Մուաուատ` 38 քուէ, 37 սպիտակ քուէ, Իսամ Խալիֆէ` 8 քուէ, «Նոր Լիբանան»` 6 քուէ, Զիատ Պարուտ` 2 քուէ, «Ազգային Ուխտ»` 9 քուէ, Սալահ Հընէյն` 2 քուէ, Համախոհութիւն` 2 քուէ եւ 3 չեղեալ քուէ:
Երկրորդ քուէարկութիւն մը կարելի չեղաւ կատարել` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Նշենք, որ նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստի թուականը չճշդուեցաւ: Նիստէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ, Մուաուատ յայտնեց, որ ինք կարելի եղածին չափ ընդարձակ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ քաղաքական ուժերուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ բարեկարգչական հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: