Արցախի ժողովուրդը բաց է որեւէ հարցի քննարկման, ազատ երկխօսութեան համար, յայտարարեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
«Մենք անընդունելի ենք համարում պարտադրանքի, հարկադրանքի, ուժի ցուցադրման ու կիրառման սպառնալիքի գործադրումը եւ կոչ ենք անում վերջնականապէս հրաժարուել արցախեան ազատագրական պայքարի մեկնարկի պատճառ դարձած եւ Ադրբեջանի պետական քաղաքականութեան անբաժանելի մաս հանդիսացող` Արցախը հայաթափելու գաղափարից», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է ան:
Յարութիւնեան կը նշէ, որ քանի օրէ ի վեր, «Ադրբեջանը «յուզական» եւ ուշադրութեան գրաւման համար հետաքրքրական` բնապահպանական կեղծ թեմաներով համեմուած օրակարգով» շրջափակման մէջ կը պահէ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը` այդպիսով արցախահայութիւնը կանգնեցնելով մարդկային աղէտի առջեւ:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին, Սփիւռքին, ինչպէս նաեւ` ռուս խաղաղապահներուն` «իրենց առաքելութեանը հաւատարիմ մնալու համար»:
«Մենք բարձր ենք գնահատում խաղաղապահների գիտակցուած քայլերը` ուղղուած մեր ժողովրդի հումանիտար (մարդասիրական) խնդիրները մեղմելուն, շարունակելու ենք մեր պայքարը եւ երբեք չենք լինելու Ռուսաստանի Դաշնութեան վրայ ճնշում գործադրելու կամ նրա հեղինակութեանը վնաս հասցնելու գործիք, քանզի վստահ ենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնում առկայ է խնդիրները դիւանագիտօրէն եւ երկխօսութեան ճանապարհով հանգուցալուծելու անբեկանելի կամք», նշեց Յարութիւնեան: