«Ատրպէյճան ուժանիւթի ոլորտին մէջ Եւրոպայի վստահելի գործընկերն է»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս հաստատումը կատարեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն, Պուխարեսթի մէջ, ուր Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռումանիա եւ Հունգարիա համաձայնագիր կնքեցին` ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ:
Համաձայնութեան շնորհիւ, Ատրպէյճան ելեկտրականութիւն պիտի տրամադրէ Վրաստանին, Ռումանիոյ եւ Հունգարիոյ։
«Այս փաստաթուղթը Եւրոպական Միութիւնը առաւել եւս կը մօտեցնէ Հարաւային Կովկասի մեր գործընկերներուն», յայտարարած է Ֆոն տեր Լէյեն` ստորագրման արարողութեան ընթացքին:
Փաստաթուղթը ստորագրեցին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի, Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհանիս եւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան: