Սէուտական Արաբիոյ զարգացման հիմնադրամը եւ Սէուտական ներդրումային հիմնադրամը կրնան միջոցներ յատկացնել Արցախի` 44օրեայ պատերազմին պատճառով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերականգնման հոլովոյթին, յայտարարեց Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆով, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Ատրպէյճանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միացեալ յանձնախումբի 7րդ նիստին ընթացքին։
Ըստ Շարիֆովի՝ կարելի է սերտել նաեւ Սէուտական Արաբիայէն սեփական ընկերութիւններու վերականգնման հոլովոյթին մասնակցութիւնը:
Ան տեղեկացուց, որ մինչեւ հիմա բռնագրաւեալ տարածքներուն վերականգնման համար Ատրպէյճան 4 միլիառ տոլար ծախսած է:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Նոյեմբերին հաստատած էր «Ատրպէյճանի ազատագրուած տարածքներ» վերադարձի պետական ծրագիրը: Կը նախատեսուի, որ մինչեւ 2027 բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ վերաբնակեցուին 345 հազար ընտանիքներ, որոնց համար պիտի կառուցուին բնակարաններ եւ անհատական տուներ: