Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հաստատեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնը չի բանակցիր Ատրպէյճանի հետ Լաչինի միջանցքի բացման հարցով, այլ կ՛աշխատի միջազգային հանրութեան հետ:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ ինչո՛ւ Հայաստան՝ իբրեւ եռակողմ յայտարարութեան կողմ եւ Արցախի ժողովուրդի ապահովութեան երաշխաւոր, Լաչինի միջանցքի բացման շուրջ Պաքուի հետ որեւէ քննարկում չի կատարեր՝ Գրիգորեան որեւէ բացատրութիւն չտուաւ եւ ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ամբողջ կարողութիւնները օգտագործում է, որպէսզի կարողանանք օգտագործել բոլոր այն հնարաւոր գործիքները, որոնք առկայ են, որպէսզի Լաչինի միջանցքը վերադառնայ իր բնականոն հունին: Տեղեակ էք, որ երէկ չէ առաջի օրը տեղի է ունեցել ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհրդի նիստը, քննարկուել է հարցը, հասցէական կոչեր են եղել: Պէտք է շարունակել աշխատել այս ուղղութեամբ: Լաչինի միջանցքի մասով այս պահին Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխատում է միջազգային հանրութեան հետ»:
26էն 27 Դեկտեմբեր, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀի ոչ-պաշտօնական գագաթնաժողովը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը: Գրիգորեան ըսաւ, որ տակաւին պարզ չէ, թէ արդեօք գագաթնաժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենա՞յ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, Ալիեւ չեղարկեց 7 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ ծրագրուած հանդիպումը՝ պատճառաբանելով Ֆրանսայի «կողմնակալ» դիրքորոշումը:
Գրիգորեան տեղեկացուց, որ 22 Դեկտեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէք Սալըւընի հետ, որուն ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը: Զրուցակիցները ընդգծեցին իրադրութեան շուտափոյթ հանգուցալուծման կարեւորութիւնը եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու վերաբերող աշխատանքներու շարունակութիւնը:
ՄԻՋԱՆՑՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՓԱԿ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով պնդեց, որ ճամբան իրականութեան մէջ բաց է: «Ատրպէյճանական կողմը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի ճամբով տեղաշարժի ապահովութիւնը՝ ըստ իր պարտաւորութիւններուն, ճամբան բաց է, ինչպէս կ՛երեւի միջազգային կազմակերպութեան փոխադրամիջոցներու տեսագրութենէն: Հոնկէ կ՛երթեւեկեն Կարմիր Խաչի կոմիտէն, հայկական շտապ օգնութեան ինքնաշարժները, խաղաղապահ զօրախումբը եւ այլ ինքնաշարժներ», ըսաւ ան:
Մինչդեռ միջանցքը փաստացի փակ է արդէն 11 օրէ ի վեր, աւելի՛ն՝ կայ տեսագրութիւն, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները կ՛արգիլեն ռուս խաղաղապահներու բեռնատարին անցքը այդ ճամբէն:
22 Դեկտեմբերի կառավարութեան նիստին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Արցախի մէջ մարդկային իրադրութիւնը կը մնայ ծայրայեղ լարուած՝ շեշտելով, որ Լաչինի միջանցքը փակելու՝ Ատրպէյճանի գործողութիւնը ապօրինի է եւ խախտում է՝ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն:
«…Նման ան բան տեղի է ունենում Ադրբեջանի ապօրինի գործողութիւնների հետեւանքով, բայց սրանից իրավիճակը չի փոխւում, որովհետեւ ՌԴ խաղաղապահ զօրախմբի ներկայութեան առանցքային իմաստը հէնց դա է՝ թոյլ չտալ, որ նման ապօրինութիւն տեղի ունենայ եւ մասնաւորապէս վերահսկողութեան տակ պահել Լաչինի միջանցքը», ըսաւ Փաշինեան: