
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 22 Դեկտեմբերին հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու եւ Լաչինի միջանցքի հարցերը:
Ըստ «Ինթերֆաքս-Ազերպայտժան» լրատուական գործակալութեան՝ «Բարձր ներկայացուցիչը եւ նախարարը քննարկեցին տարածաշրջանի ընթացիկ իրավիճակը, Ատրպէյճանի հասարակական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցերու դրդապատճառները, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործունէութիւնը եւ Պաքու-Պրիւքսէլ երկկողմ կապերու հրատապ հարցերը»:
«Լաչինի մէջ բողոքի խաղաղ ցոյցը միանգամայն օրինական է եւ կը կատարուի Ատրպէյճանի տարածքին մէջ օգտակար հանածոներու ապօրինի շահագործման դէմ», ըսաւ Պայրամով՝ պնդելով, որ Լաչինի միջանցքը «պէտք է ծառայէ բացառապէս մարդասիրական նպատակներու, սակայն հայկական կողմը կը չարաշահէ զայն»:
Պայրամով Պորելի ըսաւ, թէ «անհրաժեշտ է դադրեցնել Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան հակասող ապօրինի գործունէութիւնը Լաչինի միջանցքին մէջ»՝ հերքելով այն տեղեկութիւնը, որ ատրպէյճանական կողմը փակած է Լաչինի ճամբան:
«Նախարարը ընդգծեց, որ շարք մը փոխադրամիջոցներ մնայուն կերպով կ՛երթեւեկեն այդ ճամբով. անոր վերաբերեալ ոչ մէկ արգելք կայ, տեղական բնակչութիւնը կ՛օգտուի ճամբայէն՝ պարէն ձեռք բերելու եւ բժշկական ծառայութիւններ ստանալու համար», հաղորդեց «Ինթերֆաքս-Ազերպայտժան»:
Պորել մտահոգութիւն յայտնեց տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան գծով եւ կարեւոր նկատեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի շարունակութիւնը: