«Պաքու թուտէյ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութեանց խորհրդական Նեւրուզ Մամէտով Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրինագիծին որդեգրումը նկատած է ժողովրդավարութեան ծննդավայրը նկատուող Ֆրանսայի պատկերը խեղաթիւրող քայլ, նկատի ունենալով, որ այդ քայլը կ՚ապացուցէ, թէ «Ֆրանսայի խորհրդարանը հայկական շրջանակներու գերին դարձած է եւ անոնց ազդեցութեան տակ կը գործէ»։
Նշեալ օրինագիծը, որ տակաւին կը կարօտի Ֆրանսայի Ծերակոյտին եւ նախագահին հաւանութեան, կը մտահոգէ ազերիները, որոնք իբրեւ Թուրքիոյ հաւատարիմ հետեւորդները՝ կը մերժեն ընդունիլ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Ասիմ Մոլլազատէ յայտնած է, թէ նշեալ որոշումը Ֆրանսայի շահերուն կը վնասէ եւ եւրոպական ազատութեան արժէքները կ՚ոտնակոխէ։
«Պաքու թուտէյ»ի համաձայն, օրէնքի որդեգրման անդրադարձած են նաեւ թրքական առեւտրական ընկերութիւններ, որոնք զգուշացուցած են «Շահ Տենիզ»ի բնական կազի պահեստներուն տասը առ հարիւրը «իւրացուցած» Ֆրանսան։