Հովանաւորութեամբ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի, Կիրակի, 18 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգը՝ մասնակցութեամբ Հայ Քոյրերու վարժարանի, International Music School-ի եւ Glendale Youth Orchestra-ի աշակերտներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Քոյրերու վարժարանի փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան՝ ընդգծելով. «Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի նշումը տարուան ընթացքին պէտք է ըլլայ մեր կեանքի այն անկիւնադարձային թուականը, որ մեզ պիտի մղէ մտածելու Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհուած կեանքի պարգեւին մասին: Թէ ինչպէ՞ս մեր երկրաւոր կեանքը կ՛ապրինք, որքանո՞վ կը հետեւինք Քրիստոսի օրինակին, որքանո՞վ կը գործադրենք մեզի տրուած պատուիրանները, որքանո՞վ կ՛արժեւորենք մեր փրկութեան համար աշխարհ եկած Աստուածորդիին պատգամները»: Պոյաճեան յորդորեց նմանիլ մեր Փրկիչին՝ «ըլլանք խոնարհ, համեստ, ներողամիտ, ողորմած եւ սիրալիր, մաղթելով որ Յիսուս Քրիստոսը այսօր ծնի մեր բոլորին սիրտերուն մէջ եւ իր ծնունդով բերէ յոյս մեր սիրտին, լոյս՝ մեր միտքին, ուրախութիւն՝ մեր սիրտին եւ խաղաղութիւն՝ մեր հոգիին»:
Ան մաղթեց յատուկ աղօթք բարձրացնել առ Աստուած, որ խաղաղ օրեր շնորհէ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին եւ Արցախին:
Գեղարուեստական յայտագրին սկիզբը, Հայ Քոյրերու վարժարանի պարախումբը, ղեկավարութեամբ Լուիզա Խաչատրեանի՝ ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»ը, որուն յաջորդեց Joy to the World եւ Gloria in Excelsis նուագները, կատարողութեամբ Սթիվըն եւ Քրիսթոֆըր Այնթապլեաններուն: Աշակերտներ Քրիսթոֆըր Միքայէլեան, Կրէկորի Ետկարեան, Միլանա Շերեան, Շանթ Քոնանեան եւ Վերոնիքա Աւոյեան կատարեցին O Holy Night երգը, այնուհետեւ Արեւ-Մարիա Պոյաճեան ջութակի նուագով ներկայացուց Ave Maria-ն, իսկ Մարք Մըխսեան դաշնամուրով՝ Arabesque-ը:


Վարժարանի պարախումբը ներկայացուց այլ պար մը՝ All I want for Christmas is You: Նուագներու շարանով հանդէս եկան Ալեքսիա Թորոսեան դաշնամուրով՝ Gill’s Boop Sha-Bop!, Տավիտ Միքայէլեան տուտուկով՝ «Քանի վուր ջանիմ», Կիսանէ Թադեւոսեան ջութակով՝ Folk Songs եւ Տիգրան Յարութիւնեան դաշնամուրով՝ Prelude No.6, in c# minor: Սիլվի Գասպարեան ներկայացուց հայկական պար մը՝ տուտուկի նուագակցութեամբ:
Յայտագիրի վերջին բաժնով Հայ Քոյրերու վարժարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Կարինէ Տէր Գէորգեանի՝ ներկայացուց «Խորհուրդ մեծ», «Գիշերն իջաւ», «Պատրաստել ենք մենք Նոր Տարուան հանդէս», «Կենաց երգ» եւ Joy to the World երգերը, աւետելով Քրիստոսի Ս. Ծնունդը:
Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Բարսեղ Ծ. վրդ. Պաղտասարեան խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Այսօր մենք Խաղաղութեան իշխանին տօնն է որ կը տօնենք, երբ բոլորս ալ խաղաղութեան կարիքը ունինք մեր փոքրիկ ընտանիքներուն մէջ, մեր բարեկամներուն հետ, մեր երկիրներուն մէջ, մեր հայրենիքի մէջ: Թող Աստուած երկինքէն լսէ մեր այս հրեշտակներուն ձայնը, որպէսզի խաղաղութիւնը տիրէ մեր բոլորին մէջ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցիկ երեկոյին գաղափարը յղացող Մարօ Գայայեանին, ինչպէս նաեւ հանդիսութիւնը կազմակերպող Ռիթա Պոյաճեանին, զանոնք պարգեւատրելով Աստուածամօր պատկերով յուշանուէրով:
Տօնակատարութեան աւարտին ներկաները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, որ գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցած աշակերտներուն բաժնեց նուէրներ: Կատարուեցաւ նաեւ հիւրասիրութեան:
(Հայ քոյրերու վարժարանէն)
