
ՎԵՐ. ՎԱՉԷ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբերի առաւօտեան, երկու տարիներու ակամայ ընդհատումէ ետք, Փասատինայի հայութեան ոստիկանութեան խորհրդատու մարմինի (Pasadena Armenian Police Advisory Council (PAPAC)) կազմակերպութեամբ դարձեալ տեղի ունեցաւ Ամանորեայ նուէրներու աւանդական հաւաք- արշաւի տօնակատարութիւնը, Փասատինայի ոստիկանութեան կեդրոնի յարկին տակ։
Տարիներու ընթացքին, խորհրդատու այս մարմինը անխոնջ կերպով գործակցած է տեղական ոստիկանութեան հետ, որպէսզի հաւաքական ջանքերով հետապնդէ Փասատինայի հայութիւնը յուզող հարցերը, տալու անոնց համապատասխան լուծումներ, ինչպէս նաեւ կամրջելու ոստիկանութեան եւ քաղաքի հայութեան միջեւ կապը, այս վերջինին շարքերուն մէջ զարգացնելով իր անմիջական շրջապատի քաղաքացիական ոլորտին մէջ համարկումի ոգին։
Ամսահերթ դրութեամբ միացեալ ժողովներ գումարող PAPAC-ը սկսած է գործել 1995ին, օրուան քաղաքի ոստիկանապետ Պերնար Մելէքեանի նախաձեռնութեամբ։ Անիկա կը վայելէ Փասատինա քաղաքի եկեղեցական, մշակութային միութիւններու եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու հաւաքական հովանաւորութիւնը։
Ամանորեայ խաղալիքներու հաւաքի արշաւը դարձած է վերոյիշեալ համարկումի գեղեցիկ մէկ խորհրադապատկեր-արտայայտութիւնը, որուն միջոցաւ հայորդիներ իրենց մարդասիրական բաժինը կը բերեն Ամանորի ստեղծած քաղցր զգացումները բաժնեկցելու տեղական ոչ-հայ բարեսիրական զանազան կազմակերպութիւններու խնամատարութեան մէջ եղող նուազ առանձնաշնորհեալ մանուկներու հետ։
Դպրոցներու, եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու սրահներու եւ ընդհանրապէս առեւտրական հաստատութիւններու մէջ հաւաքուած, ապա մէկտեղուած խաղալիքներու միջոցով, հայորդիներ իրենց երախտագիտութիւնը եւ ուրախութիւնը կ՛արտայայտեն Փասատինայի գործօն մէկ բաժինը ըլլալու իրականութեան, անցնող մէկ դար եւ աւելի պատմութեան տեւողութեան։ Ներկայիս PAPAC-ի խորհուրդին կը նախագահէ՝ Հրաչ Գուլաճեան։

Այս տարուան բաշխումի հանդիսութեան ներկայ էին՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի ներկայացուցիչ Արտա Չաքեան, քոնկրեսական Ճուտի Չուի ներկայացուցիչ Դանիա Շարիազատէ, քաղաքի գանձապահ Վիգէն Երկանեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան եւ Փասատինա քաղաքի ոստիկանութեան անդամներ։
Յայտագիրը սկսաւ ուխտառնութեան արարողութեամբ, ապա՝ հանդիսավար Յովան Սարգիսեան (PAPAC-ի անդամ) հրաւիրեց Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը, որ մատուցանէ գոհաբանութեան աղօթքը։ Ընթերցուեցաւ քոնկրեսական Չուի գնահատագիրը։ Լ. եւ Յ. Թաւլեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզի եւ Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանի աշակերտները երգերով բաժին բերին յայտագիրին, իսկ յանուն Փասատինայի ոստիկանապետին՝ խօսք առաւ հրամանատար Մարք Կուտման եւ ընդգծեց PAPAC-ի իւրայատուկ ներդրումը քաղաքի կեանքին մէջ։ Օրուան խորհուրդները փոխանցեց եւ փակման աղօթքը կատարե՝ Հայ եղբայրութեան Աստուածաշունչի եկեղեցւոյ գործակից հովիւ եւ PAPAC-ի անդամ վեր. Վաչէ Սվաճեան։
Յայտագիրի աւարտին, 2022 տարուան համար ընտրուած կեդրոններուն՝ Harambee Christian-ի Family Center-ի, Villa Parke community Center-ի եւ Salvation Army-ի ներկայացուցիչները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով՝ ստանձնեցին հաւաքուած նուէրները։