Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ դատապարտեց Թուրքիոյ` «չճանչցուած Քոսովօ»ին «Պայրաքթար»ներ մատակարարելու մտադրութիւնը:
«Երբ թուրքերը կ՛ըսեն, թէ Փրիշթինային (Քոսովոյի մայրաքաղաք) «Պայրաքթար»ներ պիտի տան՝ մեզի համար դժուար ու վատ նորութիւն է: Մենք շատ կը յարգենք Էրտողանը, սակայն նման քայլ մը անկասկած պիտի ազդէ մեր յարաբերութիւններուն վրայ», «Փինք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւէ Վուչիչ:
Ան ընդգծեց, որ այս կը նշանակէ, որ Սերպիա պէտք է պատրաստ ըլլայ, այսինքն` ունենայ հակաօդային պաշտպանութեան համապատասխան համակարգեր:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ 2008ին, Սերպիայէն անկախութիւնը հռչակած Քոսովոյի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը սպասէ շուրջ 30 միլիոն եուրոյի ժամանակակից զէնքեր: Ժամանակակից զէնքով, մասնաւորաբար` հրասանդներով եւ ականներով բեռնաւորուած 11 բեռնատար ինքնաշարժներ նկատուած են Պուլկարիա-Հիւսիսային Մակեդոնիա սահմանին վրայ: Բեռնատարները շարժած են Քոսովոյի ուղղութեամբ:
Ըստ Սերպիոյ լրատուամիջոցներու՝ բեռնատարները ուղարկուած են Թուրքիայէն: