Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը ամփոփեց 2022 տարուան Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստի քուէարկութեան արդիւնքները:
Հաւաքելով 76 կէտեր, 2022 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ ռուսական «Քրասնոտար»ի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան:
Երկրորդ դիրքին վրայ է իտալական «Ինթեր Միլան»ի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան (74 կէտեր):
Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Երեւանի «Փիւնիկ»ի միջնապահ Արտակ Դաշեան (20 կէտեր):
Հայաստանի լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան «Փիւնիկ»ի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան (94 կէտեր): Երկրորդ դիրքը 57 կէտերով գրաւեց Վահէ Գէորգեան, որուն գլխաւորութեամբ «Նորավանք»ը տիրացաւ 2022ի Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ 31 կէտերով երրորդ դիրքը գրաւեց «Ուրարտու»ի գլխաւոր մարզիչ Տմիթրի Կունքօ: