ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմեր Քեսքին Ամանորին առթիւ հիւրընկալեց փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլին Պոլսոյ այն գաւառակներէն է, ուր առաւել չափով խտացած են ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։ Առ այդ, փոքրամասնութիւններու մամուլին եւ քաղաքապետին միջեւ կայ մասնաւոր համագործակցութիւն։
Քեսքին ընթրիք մը կազմակերպեց ի պատիւ փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչներուն։ «Ժամանակ» օրաթերթին կողմէ հաւաքոյթին մասնակցեցաւ թերթին լրահաւաքի պատասխանատու, վարպետ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան։ Ներկայ էին նաեւ Շիշլիի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներէն Սելինա Տողան եւ այլ պատասխանատուներ։
Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հաւաքոյթը, որուն ընթացքին Քեսքին ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ քաղաքապետարանի գործունէութեան շուրջ, նաեւ տեղեկութիւններ քաղեց փոքրամասնութիւններու մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրներու կապակցութեամբ։ Հուսկ, ան մամլոյ ներկայացուցիչներուն միջոցաւ Ամանորին առթիւ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն բարեմաղթանքներ յղեց։