Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալի Մահմուտ Ապպասի եւ անոր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի ու Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ Մոսկուայի մէջ հանդիպումը որակեց դրական:
Նախարարութիւնը հակիրճ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարը եւ գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնը Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցան իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ` ներկայութեամբ ռուսական կողմին: «Երկու կողմերը քննարկեցին շարք մը թղթածրարներ, հանդիպումը դրական էր», յայտնեց նախարարութիւնը:
Պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քննարկուեցան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը, Սուրիոյ մէջ կացութիւնը եւ գաղթականներու հարցը: Երեք նախարարները ընդգծեցին Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ կացութեան կայունութեան համար միացեալ երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Թուրքիա իր կարգին հանդիպումը որակեց «շինիչ»՝ նշելով, որ անոր ընթացքին համաձայնութեան եկան այսպիսի հանդիպումներ հաճախ իրականացնելու:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ «շինիչ մթնոլորտի մէջ գումարուած» ժողովին մասնակցողները շեշտեցին եռակողմ հանդիպումները շարունակելու կարեւորութիւնը` «Սուրիոյ եւ շրջանի կայունութիւնը երաշխաւորելու ու պահպանելու համար»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց հետեւեալը. «Ամփոփելով հանդիպումին արդիւնքները` կողմերը արձանագրեցին տեղի ունեցած երկխօսութեան կառուցողական բնոյթը եւ զայն շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` ի նպաստ Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին մէջ կացութեան կայունացման»:
Աքար, մեկնաբանելով Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումը՝ ըսաւ. «Մենք կը յարգենք դրացիներու, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ մեր միակ նպատակն է՝ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ. մենք այնտեղ այլ նպատակներ չունինք»:
Ըստ անոր՝ ինք Շոյկուի եւ Ապպասի հաւաստեց, որ Թուրքիա ջանքեր կը գործադրէ երկրին մէջ եւ սահմաններուն ապահովութիւն ապահովելու համար եւ, մասնաւորաբար, «ամէն ինչ կ՛ընէ, որ կանխարգիլէ Սուրիայէն արտագաղթի շարունակութիւնը»:
Աքար ըսաւ, որ իրենք երեքով քննարկեցին Սուրիոյ տագնապին շուտափոյթ լուծման ուղիները: Ըստ անոր՝ երեք նախարարները համաձայնեցան շարունակել այս ձեւաչափով հանդիպումները:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Մոսկուայի հանդիպումը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ 11 տարիէ ի վեր առաջին հանդիպումն էր: