Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք մը՝ Արցախի ժողովուրդին հետ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետքմ հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Այնթապլեան, որ անդրադարձաւ, թէ հերոսական Արցախը այսօր դարձեալ շրջափակուած է նոյն արիւնառբու թշնամիին կողմէ: «Պէտք չէ թոյլ տալ Արցախի հայաթափման. ուստի զօրակցինք Արցախին, որ անիկա չենթարկուի Մուսա լերան ճակատագիրին. զօրակցիլ Արցախին կը նշանակէ արիւն ներարկել անոր, սնուցել զայն, յոյս տալ մեր ժողովուրդին եւ վառ պահել ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի դարաւոր երազը»։
Բացման խօսքէն ետք, Յասմիկ Այնթապլեան նուագեց «Կեանք Ու Կռիւ» ժապաւէնի երաժշտութիւնը, ապա Արփա Սնապեան Անտոնեան ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ, որմէ ետք ներկաները ունկնդրեցին Արցախի նուիրուած երգ մը:
Օրուան պատգամը ուղղեց Զաքար Քէշիշեան: «Խորհրդային իշխանութեան օրերուն Արցախէն հայաթափումը անխուսափելի կը թուէր ըլլալ: 1988ին երբ Լիբանանի պատկերասփիւռի կայաններէն տեսանք հոծ բազմութիւնները, որոնք Հայաստանի հետ «Մի՛-ա-՛ցու՛մ» կը վանկարկէին, թունդ-թունդ ելան հայոց սրտերը: Ոգեւորութեան ալիքը հասաւ Երեւան, ուր, ի տարբերութիւն այս օրերուն, մարդաշատ եղան ցոյցերը եւ պահանջատիրական հաւաքները, որոնց ընթացքին մեր հայրենակիցները «Ղարաբաղը մե՛րն է, հայը անոր տէ՛րն է» կ՛աղաղակէին: Հայրենի այս համընդհանուր զարթօնքին ի տես` պայքարէն անմասն չմնաց նաեւ Սփիւռքը:
Արցախահայութեան արդար պահանջը` միանալու մայր Հայաստանին, ամէն հայու բաղձանքն ու առաջնահերթութիւնը եղաւ: Մենք յաղթեցինք` ազատագրելով հայրենի տարածքներ ու սկսանք զարգացնել մեր կեանքն այնտեղ: Սակայն, պատերազմը յաղթելէ ետք, խաղաղութիւնն ալ յաղթել չկրցանք: Մեր հայրենասիրութեան եւ խելահասութեան հաւաքական մակարդակը չբաւարարեց ո՛չ միայն պահել պահպանելու ծով արեամբ ձեռք բերուածը, այլ նաեւ կորսնցուցինք շատ աւելին: Տուինք բազմահազար նահատակներ, կորսնցուցինք Լիբանանի չափ հայրենիք, գլխիկոր մնացինք միջազգային հանրութեան առջեւ, մնացինք միայնակ ու մոլոր: Անաւարտ պատերազմը կը շարունակուի, ու փոքրացած Արցախի աւելի քան 120 հազար հայրենակիցներ այսօր արդէն շաբաթէ մը ի վեր կը մնան արգելափակուած անհեթեթ պատճառաբանութեամբ: Միջազգային ընտանիքը լուռ է ու մեղսակից: Թշնամին ամէն միջոցի կը դիմէ բարոյալքելու արցախահայութիւնն ու զանոնք մղելու հայրենաթափութեան: Մարտահրաւէրը մեծ է ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէս` արցախահայութեան համար», ըսաւ Քէշիշեան:
Հաւաքը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: