Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներու սկսան շրջաններու բնակչութեան հետ` ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկութիւն տալու, տեղւոյն վրայ հրատապ հարցերուն ծանօթանալու եւ բնակչութիւնը յուզող հարցերուն պատասխանելու նպատակով:
4 Յունուարին, Ազգային ժողովի «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան, «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Մելքումեան եւ պետական նախարարի խորհրդական, շտապի անդամ Գրիգորի Մարտիրոսեան հանդիպում ունեցան Մարտակերտի շրջանի Պօղոսագոմեր, Դրմբոն, Կոճողոտ եւ ենթաշրջանի շարք մը այլ համայնքներու բնակչութեան հետ:
«Մենք տարեվերջին որոշել էինք իրականացնել այս այցելութիւնները, համայնքներում ներկայացնել ստեղծուած իրավիճակը, հետագայ անելիքները, ինչպէս նաեւ լսելու նրանց բարձրաձայնած խնդիրները, որոնք առաջացել են շրջափակման հետեւանքով: Այս ընթացքում նաեւ բաւականին հարցեր են կուտակուել, որոնց անհրաժեշտ է պատասխանել: Յետադարձ կապի միջոցով մենք բնակչութիւնից ստանում ենք նաեւ այն հարցերը, որոնք հրատապ լուծումներ են պահանջում», «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Յարութիւնեան` յայտնելով, որ յառաջիկայ օրերուն Արցախի շրջաններու բնակչութեան հետ այս հանդիպումները շարունակական պիտի ըլլան։
Հանդիպումներուն ընթացքին Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան փակուելուն պատճառով յառաջացած հարցերը եւ անոնց լուծման ուղիները:
Համայնքներու բնակիչները բարձրացուցին ապահովութեան, հիւանդները տեղափոխելու համար վառելանիւթ տրամադրելու եւ ապաշրջափակման բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Պատգամաւորները հարցերու լուծման գծով կարեւոր նկատեցին միասնութիւնը եւ համերաշխութիւնը`հաստատելով նաեւ, որ Արցախի մէջ կան առաջին անհրաժեշտութեան որոշ տեսակի մթերքի պաշարներ, որոնք շրջափակման շարունակութեան պարագային կրնան բոլորովին սպառիլ։
Մելքումեան անդրադարձաւ շրջափակման վերաբերեալ այս օրերուն ատրպէյճանական տեղեկատուական կեղծիքներուն, որոնց նպատակը Արցախի մէջ խուճապ սերմանելն է՝ նշելով, որ այդ հանդիպումներուն նպատակն է՝ ճիշդ լուրեր փոխանցել բնակիչներուն։
Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչները յորդորեցին չյանձնուիլ հակառուսական տրամադրութիւններ սերմանող քարոզչութեան:
«Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, ի դէմս Արցախում տեղակայուած խաղաղապահների, այս պահին լայնածաւալ պատերազմի հաւանականութիւնը նուազեցնող միակ գործօնն է», շեշտեց Յարութիւնեան:
Մարտիրոսեան եւս անդրադարձաւ պարէնի եւ վառելանիւթի սահմանափակման։ «Տարիներ առաջ պետական որոշակի պահուստ ձեւաւորուել էր, բայց երկար պահպանման մթերքի` մասնաւորապէս ալիւր, պահածոներ, ցորեն, մօտ 9 անուն ապրանք: Դրանք առկայ են եւ սոված, ամէն դէպքում, չենք մնալու: Սահմանափակ է բենզինի ու դիզվառելիքի ծաւալը: Երբ ստեղծուեց օպերատիւ (աշխատանքի) շտաբը, առաջին հերթին գոյքագրուեցին դրանց առկայ ծաւալները եւ վերահսկողութիւն սահմանուեց, ըստ որի` դրանք ուղղւում են յատուկ ծառայութիւնների աշխատանքի կազմակերպմանը` շտապօգնութիւն, փրկարար ծառայութիւն եւ այլն», ըսաւ Մարտիրոսեան` ընդգծելով պաշարներու խնայողական օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ, Արցախէն երկու հիւանդներ 4 Յունուարին տեղափոխուեցան Հայաստանի մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ: