Բրիտանիոյ խորհրդարանի Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, Լիվըրփուլի լորտ Ալթըն, Քենթըրպըրիի նախկին արքեպիսկոպոս լորտ Ռովըն Ուիլեըմզ, Քովենթրիի եպիսկոպոս Քրիստոֆըր Քոքսուըրթ, «Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահ դոկտոր Ճոն Էյպնըր եւ պատգամաւոր Թիմ Լավթըն յայտարարութեան մը միջոցաւ դիտել տուին, որ, դժբախտաբար, միջազգային հանրութիւնը չէ կրցած դադրեցնել Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող ահաբեկչական պատերազմը, որ 21րդ դարուն սանձազերծուած է հայկական պատմական հող հանդիսացող Արցախի մէջ (որ Ստալինի կողմէ յանձնուած էր Ատրպէյճանին) ապրող հայերուն դէմ եւ կը կատարուի միջնադարեան ոճով՝ պաշարման միջոցով:
Նամակին հեղինակները կը յայտնեն, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու սուր պակաս յառաջացաւ, եւ արդէն մահուան դէպքեր արձանագրուեցան՝ հիւանդներուն Հայաստանի մէջ բժշկական միջամտութենէն օգտուելու կարելիութենէն զրկուած ըլլալուն պատճառով:
«Ըստ միջազգային իրաւունքին` կայ պատասխանատուութիւն կանխատեսելու եւ կանխելու ցեղասպանութիւնը, պաշտպանելու վնաս ստացողները եւ պատժելու յանցագործը: Հակառակ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի, ԵՈՒՆԻՍԵՖի եւ միջազգային այլ կառոյցներու կողմէ դատապարտման, Ատրպէյճանի այս բռնութիւններուն մասին լրատուամիջոցներուն փաստացի լռութիւնը կը շարունակուի, ինչ որ Ատրպէյճանին կարելիութիւն կու տայ անպատիժ կերպով զարգացնելու իր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը», կ՛ըսուի նամակին մէջ:
Նամակին հեղինակները միջազգային առաջնորդներուն կոչ կ՛ուղղեն՝ «անյապաղ կերպով զբաղելու այս սարսափելի ողբերգութեամբ»:
«Յոյս ունինք, որ խիզախ եւ վաստակաշատ լրագրողները լոյս կը սփռեն տառապանքներուն վրայ ժողովուրդի մը, որ, դժնախտաբար, շատ լաւ գիտէ ցեղասպանական յանցագործութիւններու բնոյթը», կ՛եզրափակէ նամակը։