Երկուշաբթի, 2 Յունուարին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը կաթողիկոսանիստ Մայրավանքը այցելելով՝ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառին հետ, ներկայութեամբ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու Արցախի ներկայ տագնապալից կացութեան, Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հարցերուն:
Երկու հոգեւոր պետերը շեշտեցին մեր ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայ տագնապալից ժամանակներուն ազգային համախմբումի հրամայականը: