Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պես եւ քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեան պաշտօնական գրութեամբ մը դիմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` կոչ ուղղելով անոր՝ օգնութեան հասնելու Արցախի ժողովուրդին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով Պեսի եւ Գրիգորեանի հրապարակած նամակը:
Ըստ նամակի հեղինակներուն` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին միայն Ուքրանիոյ ժողովրդավարութիւնը չէ որ կը փորձէ վտանգել, եւ անոր գործողութիւններուն պատճառով այսօր Արցախի 120 հազար քաղաքացիները կը բախին ցուրտէն, սովէն ու դեղորայքի պակասէն դանդաղ մահուան դատապարտուելու սպառնալիքին:
«Մարդկասիրական աղէտի պատճառը Արցախի ժողովուրդին պաշարումով պատանդ պահող միտումնաւոր շրջափակումն է` իրականացուած Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւի կողմէ, ռուսական զօրքերուն աջակցութեամբ: Այս անօրինական շրջափակման միջոցով երկու բռնապետութիւնները կ՛ուզեն պատժել Արցախը եւ Հայաստանը, որոնք համարձակած են տարածաշրջանին մէջ յառաջ տանիլ ժողովրդավարութիւնը եւ կայունութիւնը», կը նշեն նամակին հեղինակները՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ համարձակ գործողութիւններու բացակայութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ տարածաշրջանին մէջ հայերու ցեղասպանական ոչնչացման:

Ներկայացնելով 12 Դեկտեմբերէն ի վեր Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը` Պես եւ Գրիգորեան Ճօ Պայտընին կոչ կ՛ուղղեն՝ օգնութեան հասնելու Արցախի ժողովուրդին հետեւեալ կերպով.
1. Արցախին տրամադրել Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական ուղիղ աջակցութիւնները, որոնց կարգին՝ սննդամթերք եւ դեղորայք:
2. Յստակ ուղերձ յղել Փութինին ու Ալիեւին, որ Միացեալ Նահանգները պիտի պահանջէ եւ գործողութիւններու պիտի ձեռնարկէ` երաշխաւորելու ապահով թռիչքներու իրականացումը Արցախի բնակչութեան օգնութիւն հասցնելու համար:
3. Դիւանագիտական ջանքեր գործադրել Պաքու-Ստեփանակերտ ուղիղ երկխօսութիւն իրականացնելու համար` երաշխաւորելով Արցախշի հայութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը:
4. Պնդել, որ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահները փոխարինուին միջազգային խաղաղապահ առաքելութեամբ:
5. Շօշափելի գործողութիւններու ձեռնարկել Ատրպէյճանի դէմ եւ պատասխանատուութեան ենթարկել այդ երկիրը՝ իր պատերազմական յանցագործութիւններուն համար` Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի 907րդ բաժինին եւ Մակնիթսքիի օրէնքին հիման վրայ:
Նամակին հեղինակները կը յայտնեն, թէ յոյս ունին, որ Միացեալ Նահանգները ձեռնածալ չի հետեւիր, թէ ինչպէ՛ս թշնամական բռնապետութիւնները իրենց ժողովրդավար դրացիներուն դէմ ցեղասպանական քաղաքականութիւն կը վարեն:
Յիշեցնեք, որ աւելի կանուխ, Լոս Անճելըսի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կատարած էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մօտ` պահանջելով քայլերու ձեռնարկել Լաչինի միջանցքը բանալու եւ Արցախի շրջափակումը վերացնելու ուղղութեամբ: