Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը կը շարունակէ մտահոգել Միացեալ Նահանգները: Այս մասին խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` «Արմէնփրէս»ի խնդրանքով մեկնաբանելով Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք Արցախի մէջ պատճառ դարձան մարդասիրական ծանր արդիւնքներու։
Ան դիտել տուաւ, որ ասիկա նաեւ կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը եւ կը վտանգէ միջազգային վստահութիւնը։
Անդրադառնալով իրադրութեան հանգուցալուծման տարբերակներուն` Փրայս ըսաւ. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ բոլորովին վերականգնելու միջանցքով ազատ փոխադրութիւնը: Որեւէ հարցի մէջ յառաջընթացի միակ ուղին բանակցութիւններն են»:
Օր մը առաջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Փրայս յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի ապահով, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի խթանման։ «Մենք կը շարունակենք ներգրաւուած մնալ երկկողմանիօրէն` համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպէս՝ Եւրոպական միութիւնը, նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով, օրինակ՝ ԵԱՀԿը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան նպաստելու` Արցախի տագնապին վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր հիմնահարցերուն լուծումներ գտնելու համար», նշեց ան:
Փրայս յիշեցուց ամերիկեան կողմի ջանքերն ու կազմակերպած հանդիպումները, միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով` կ՛ուզեն տեսնել, որ կողմերը իրենք յառաջընթաց կ՛արձանագրեն, եւ տագնապի համապարփակ լուծումը Միացեալ Նահանգներու որոշելիք հարցը չէ: «Ասիկա այն ծանր աշխատանքն է, զոր պէտք է կատարեն կողմերը իրենք», ըսած էր Փրայս՝ աւելցնելով. «Մենք ամէնօրեայ դրութեամբ ներգրաւուած ենք եւ կը շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ կողմերուն հետ` երկկողմ, եռակողմ, ԵԱՀԿի միջոցով, ինչպէս նաեւ այլ գործընկերներու միջոցով, որպէսզի օգնենք հասնելու այդ վերջնական վիճակին»։
In Middle East, all conflicts end in bloodshed, nobody will listen
any WORD THREAT, unless SEE THE STICK IS ON ITS WAY TO PUNISH
BY MILITARY ACTION, LEGALLY APPROVED, WILL BE EFFECTIVE.
ARMENIA MUST OPEN LEGAL CASES ON INTERNATIONAL COURTS
ASKING BILLIONS OF DAMAGES, SINCE 1892- 2022 ALL GENOCIDE,
HISTORICAL SITES, MEMORIALS DESTRUCTION, CULTURAL HUGE,
PRICELESS LOSSES. DIASPORA PATRIOTIC SPECIALIST ARE ABLE
TO START THIS ILLEGAL GENOCIDES ON ALL ASPECTS ‘ MOSCOW
TREATY, TURKEY ALL KING HORRORS, AZERBAIJAN 10,000 STONE
CROSS DESTRUCTION, 29 CHURCHES DESTRUCTION IN NAKHICHEVAN
JEWS RECEIVED TRILLION DOLLAR FOR DAMAGES ON WW2. WE
RECEIVED “ADVISES TO COMPROMISE”, AND LOSE MORE, MORE!!!.
IN BUSINESS NO ONE LOSE 1 CENT, PROTECTS ITSELF LEGALLY,
NATIONAL LOSS IS ***NEGLECTED BY ALL, NO EXCEPTION, ONLY
BIG EFFORTS IS USED TO BLAME, NO SOLUTIONS PROPOSED, ALL
NATION LOOKS, LIKE A SAIL BOAT, LOST IN OCEAN, FACING
STORM TO BE SINK SOON, SHAME ON ALL OF US ***!!!!!.
OUR GREAT GREAT FATHERS DIED TO KEEP HERITAGE ***NOT
TO SELL WHATEVER STILL EXISTING, “KHACHAKOGH” (CROSS
THIEF) IS FLOURISHING DAILY ONE GREATER THAN THE PRECEDENT,
NO PUNISHMENT, SWALLOW BILLIONS, NEXT DAY YOU ARE HONORED
CITIZEN: THIS IS THE REAL SICKNESS, STRONG LAW, DEATH PENALTY,
WILL STOP ALL THIS***.