ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ ազատագրական շարժման ականաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեան ծնած է 7 Մայիս 1882ին, Ախալքալաք: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ մեկնած է Էջմիածին եւ ուսումը շարունակած Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Ապա անցած է Մոսկուա՝ իբրեւ Լազարեան ճեմարանի ուսանող:
Մոսկուա գտնուած ժամանակ, ան մասնակցած է ուսանողական յեղափոխական շարժումներուն եւ անդամագրուած է նորաստեղծ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Մոսկուայէն Թիֆլիս մեկնած է 1903ին՝ Երկիր անցնելու նպատակով: Կարսի հնոցին մէջ դարբնուելէ ետք, անցած է Վան եւ Իշխանի հետ լծուած Լեռնապարի շրջանի կազմակերպումին: Այնուհետեւ ուղարկուած է Սասուն եւ նշանակուած յեղափոխական գործունէութեան ղեկավար: Գէորգ Չաւուշի հետ անցած է մարտական ուժերուն գլուխը, վերակազմած ֆետայական շարժումը ու մասնակցած հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորն էր Սուլուխի կռիւը՝ 27 Մայիս 1907ին, որուն ընթացքին նահատակուած է Գէորգ Չաւուշ:
Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908ին, Ռուբէն ընդդիմացած է յեղափոխական պայքարը դադրեցնելու մտայնութեան: 1909ին անցած է Վառնա եւ իբրեւ Տարօնի ներկայացուցիչ մասնակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան 5րդ Ընդհանուր ժողովին:
Ժողովի աւարտէն ետք ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Ժընեւ եւ հոն մնացած մինչեւ 1913:
Կուսակցութեան հրահանգով անաւարտ ձգելով քիմիաբանութեան ուսումը՝ Ռուբէն վերադարձած է Տարօն՝ իբրեւ Դուրան-Բարձրաւանդակի լիազօր պատասխանատու:
Առաջին համաշխարհային պատերազմը պայթեցաւ 1914ին, եւ 1915ին թրքական իշխանութիւնները ձեռնարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան:
Ռուբէն գլխաւորած է Տարօնի հայութեան եօթնամսեայ հերոսամարտը եւ գաղթական ժողովուրդին հետ անցած Արեւելեան Հայաստան:
Ռուսական 1917ի յեղափոխութենէն ետք կազմուած է Անդրկովկասի «սէյմ»ը, եւ Ռուբէն Տէր Մինասեան Հայոց ազգային խորհուրդի կազմին մէջ ըլլալով մասնակցած է անոր աշխատանքներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, 1918ին, Ռուբէն Տէր Մինասեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է եւ նշանակուած զինուորական նախարար զօրավար Արարատեանի օգնական: 1920 Մայիսին, Բիւրօ կառավարութեան մէջ ստանձնած է զինուորական նախարարի պաշտօնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք Ռուբէն անցած է Իրան, ապա՝ Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա եւ Եգիպտոս:
Տարագրութեան մէջ ստեղծագործած է «Հայ-թրքական Կնճիռը», «ՀՅԴ Կազմակերպութիւնը», «Սթալինեան Սահմանադրութիւնը Եւ «ՀՅ Դաշնակցութիւնը», «Հայաստան Միջցամաքամասային Ուղիներու Վրայ» եւ «Միջին Արեւելքի Ժողովուրդներ Եւ Երկիրներ» եւ «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» (եօթը հատոր) աշխատութիւնները:
Ռուբէն մահացած է 27 Նոյեմբեր 1951ին, Փարիզի Սէն Քլու արուարձանին մէջ:
Հերոսութիւններով ու խիզախ մաքառումներով լեցուն է Ռուբէն Տէր Մինասեանի կեանքը, զոր ան ապրեցաւ այն գերագոյն համոզումով, որ հայրենիքին ազատութիւնն ու բարօրութիւնը վեհ սկզբունք եւ գաղափար է: