Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ նշեց, որ տարի մը առաջ` 2022ին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անունով խոստացած էր, թէ Ֆրանսա նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին եւ օժանդակէ անոր: «Այս տարի կը վերանորոգեմ այդ խոստումը եւ կ՛ըսեմ, որ հակառակ մարտահրաւէրներուն, Ֆրանսա 2023ին պիտի շարունակէ մնալ Լիբանանի կողքին եւ զօրակցիլ անոր՝ հաւատալով, որ Լիբանան անձնատուր չէ եղած եւ պիտի կարենայ վերականգնիլ», շեշտեց Կրիօ:
Ան հաստատեց, որ գլխաւոր նպատակը Լիբանանի կայունութիւնն է` աւելցնելով, որ Ֆրանսա իր աշխոյժ գործակցութիւնն եւ ներդրումը ունեցաւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի պատմական համաձայնագիրի ստորագրութեան բանակցութիւններուն մէջ:
«Ֆրանսա նաեւ Ծոցի երկիրները, յատկապէս Սէուտական Արաբիան մղեց վերադառնալու Լիբանան եւ զօրակցելու մարդասիրական ծրագիրներու յաջողութեան, յատկապէս առողջապահութեան մարզին մէջ: Ֆրանսա նպաստեց նաեւ ապահովութեան ուժերու կարողութիւնները պահպանելու, որպէսզի անոնք շարունակեն երկիրը պաշտպանելու եւ անոր միասնականութիւնը պահպանելու իրենց պարտականութիւնները», ըսաւ Կրիօ: