ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթ չ՛աջակցիր Ռուսիան կազմակերպութենէն դուրս ձգելու գաղափարին, մինչ Ուքրանիա կը պնդէ կառոյցէն Ռուսիոյ բացառումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Քոմերսանթ»ը:
Ըստ Շմիտթի՝ նոյն սեղանին շուրջ նստիլը չի նշանակեր «փոխադարձ դիւանագիտական քաղաքավարութիւն ցուցաբերել»:
«Օր մը մենք դարձեալ կապի ուղիներու կարիք պիտի ունենանք», բացատրեց Շմիտթ:
Նոյեմբերին տեղի ունեցած էր ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստը, որուն չէին կրցած մասնակցիլ Ռուսիոյ պատուիրակները, որովհետեւ կազմակերպիչները անոնց մուտքի արտօնագիր չէին տուած: Ռուս երեսփոխանները ըսած էին, որ ԵԱՀԿը «կը վախնայ բանավէճի ընթացքին արտասանուելիք անյարմար խօսքերէն»: