
ԹԱԳՒՈՐ ԷՎՐԷՔԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 22 Օգոստոս 1946ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Թագւոր Էվրէքեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Յունուար 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 4 Փետրուար 2023ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 1614 N. Alexandria Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, CA 90068:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Քնքուշ Արեւեան
Դուստրերը՝ Ֆլօրա եւ Շուշան Էվրէքեաններ
Զաւակը՝ Սարգիս Էվրէքեան
Թոռները՝ Ալեքսանտր-Թագւոր Էվրէքեան
Մայքըլ-Յովհաննէս էվրէքեան
Էմիլիա Զաքարեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Bellaj Banquet Hall սրահին մէջ, 3415 W. Victory Blvd., Burbank, CA 91505:
***
ԹԱԳՒՈՐ ԷՎՐԷՔԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։