ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի դատավարութիւնը վարող ընդհանուր դատաւոր Մուհամմատ Ուրէյպի Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին արտօնեց Սատտամի պաշտպան փաստաբաններուն ներկայանալ դատարան: Փաստաբանները Սեպտեմբերի կէսէն ի վեր պոյքոթի կ՚ենթարկէին նիստերը եւ փոխարինուած էին ատեանին կողմէ ճշդուած փաստաբաններով:
Սատտամ, որ անցեալ շաբաթավերջին դատարանին ամպիոնէն «յաղթանակ» նախատեսած էր ամերիկեան ուժերուն դէմ պայքարին մէջ եւ իրաքցիներուն կոչ ուղղած էր միանալ դիմադրութեան, այս անգամ խօսեցաւ երկրին մէջ տեղի ունեցող համայնքային բախումներուն մասին:
«Մենք՝ իրաքցիներս, մէկ ժողովուրդ ենք եւ ոչ ոք կրնայ այս իրողութիւնը կասկածի տակ առնել: Արաբները եւ քիւրտերը բաժնելով շահագրգռուողները սիոնականներն են», ըսաւ Սատտամ: Ան աւելցուց, թէ իր դէմ վկայութիւններ տուողները միայն սիոնականութեան կը նպաստեն:
Նիստին ընթացքին քիւրտ հողագործներ վկայութիւն տուին 1980ականներուն իրենց գիւղերուն դէմ շղթայազերծուած բռնարարքներուն մասին:
1988ին, «Անֆալ» գործողութեան ընթացքին, տասնեակ հազարաւոր քիւրտեր սպաննուած էին Սատտամի հրահանգով: Սատտամ եւ վեց ընկերակիցները մարդկութեան դէմ ոճիրներ եւ պատերազմի ոճիրներ գործելու յանցանքով ամբաստանուած են այդ բռնարարքներուն համար: