ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին Ժընեւի մէջ շարունակեց Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան 115րդ ընդհանուր ժողովին իր մասնակցութիւնը։
Պըրրի իր խօսքին մէջ խստիւ քննադատեց բռնատիրական ուժերուն ունեցած ազդեցութիւնը։ Ան դիտել տուաւ, հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներ ներկայ չգտնուեցաւ այս խորհրդաժողովին, սակայն ցաւ ի սիրտ ան անուղղակիօրէն՝ իր որոշումներով ներկայ էր Հիւսիսային Քորէայի թղթածրարը արծարծելու ընթացքին։
«Այնքան ատեն, որ բռնագրաւում կայ, զինեալ դիմադրութիւնը օրինական է եւ կը շարունակուի», հաստատեց Պըրրի։
Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ նետուած բոլոր ռումբերը համազօր են Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ արձակուած հիւլէական ռումբերուն։
Պըրրի ընդգծեց, որ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հիւլէական ռումբի փորձարկումին դէմ այդքան դատապարտում կը կատարուի, իսկ ի՞նչ թող ըսեն լիբանանցիները, որոնց մանուկները ստացան բոլոր այն ռումբերը, որոնք թունաւոր են եւ միջազգայնօրէն արգիլուած։
Ան շեշտեց, թէ ժողովուրդներ ղեկավարներուն ու կառավարիչներուն ձեռքին տակ խրտուիլակներու պէտք չէ վերածուին։
Խորհրդաժողովէն ետք Պըրրի տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին դիտել տուաւ, որ Լիբանան ողջունած է Գերմանիոյ մասնակցութիւնը ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը փափաքի ՄԱԿի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը տեսնել: