
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ՝ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Էտըմ Շիֆ եւ Տէյվիտ Վալատաօ, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու բարձրաստիճան անդամ Պրետ Շըրմըն 26 Յունուարին, իրենց պաշտօնակիցներուն ներկայացուցին Արցախի շրջափակումին անմիջապէս վերջ տալու պահանջով բանաձեւ մը, որ կը վայելէ Հայ Դատին զօրակցութիւնը։
Քոնկրեսականներուն յղուած իրենց նամակին մէջ, վերոյիշեալները կոչ կ՛ընեն անոնց, որ զօրակցին բանաձեւին եւ դառնան անոր համահովանաւորները, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել Արցախի ժողովուրդը իր հայրենիքէն տարագրելու՝ Ալիեւի վարչակազմին ծրագիրը։
Ատրպէյճանի անմարդկային պաշարումը դատապարտելու կողքին, բանաձեւը կը պահանջէ հետաքննել Ատրպէյճանի գործած պատերազմական ոճիրները, միջազգային դէտեր տեղադրել Բերձորի միջանցքին մէջ, դադրեցնել Պաքուի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները, պատժական քայլեր առնել պատերազմական ոճիրներ գործած ատրպէյճանցի պաշտօնատարներուն դէմ եւ յատկանշական մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել Արցախի բնակչութեան։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բանաձեւը պատրաստած քոնկրեսականներուն։ Ան նաեւ կոչ ըրաւ ամերիկահայութեան, որ դիմէ իր շրջանի քոնկրեսականներուն՝ այս բանաձեւը հովանաւորելու պահանջով։ Արշաւին միանալու համար այցելել anca.org/resolution կայքէջը։