
Մեծ վիշտով տեղեակ դարձանք քանի մը օրեր առաջ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ուժգին երկրաշարժի մը գործած մեծ աւերին մասին:
Երկրաշարժին պատճառով ծանր վնասներու ենթարկուած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան եւ Հալէպի Հայոց թեմերուն եկեղեցիները, տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ բազմաթիւ Հայ ընտանիքներ կորսնցուցած են իրենց բնակարանները եւ կը գտնուին կորուստի, ցաւի եւ կենցաղային շատ ծանր դժուարութիւններու դիմաց:
Բարեբախտաբար, բազմաթիւ երկիրներ իրենց պետական օգնութեան ձեռքը արդէն երկարած են կորուստի տառապանքի մէջ գտնուող բնակիչներուն:
Կործանարար աղէտին հետեւանքները մեղմելու եւ մեր ժողովուրդին ընդհանուր կարիքները թեթեւցնելու նպատակով, մեր մարդկային եւ ազգային պարտականութիւնն է անմիջական օգնութեան հասնիլ մեր ժողովուրդին: Այս նպատակով, կոչ կ՛ուղղենք Արեւմտեան թեմի մեր բոլոր եկեղեցիներուն, կազմակերպութիւններուն եւ ազգասէր անհատներուն, որ կարելի եղածին չափ շուտով նիւթական հանգանակութեամբ օժանդակութիւն ցուցաբերենք Պոսլոյ Հայոց պատրիարքութեան եւ Սուրիոյ Հայոց թեմերուն, որոնք մեծ աշխատանք կը տանին հասնելու համար երկրաշարժէն վնասուած մեր ժողովուրդին:
Բոլոր նուիրատուութիւնները կրնան փոխանցուիլ Արեւմտեան թեմի մեր առաջնորդութեան (Պըրպենք), որպէսզի պաշտօնապէս փոխանցումները կատարենք եկեղեցական պատկան մարմիններուն՝ գլխաւորութեամբ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի եւ Դամասկոսի թեմակալ առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի:
Մեր ժողովուրդի զաւակները ենթարկուած են ահաւոր կացութեան եւ կը կարօտին մեր շուտափոյթ օգնութեան:
«Տէ՛ր, ողորմեա՛, Տէ՛ր, ողորմեա՛, Տէ՛ր, ողորմեա՛,
Լե՛ր օգնական Ազգիս Հայոց»:
Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին
9 Փետրուար 2023, Պըրպենք