
Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Թանի իշխանը Թուրքիա իր այցելութեան ծիրին մէջ հասաւ Պոլիս:
Թուրքիոյ նախագահական պալատը հրապարակեց Քաթարի իշխանին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի լուսանկարը՝ նշելով, որ այցելութիւնը «հարիւր տարուան ընթացքին հզօրագոյնը» եղող երկրաշարժէն ետք տեղի կ՛ունենայ:
Քաթարի իշխանը առաջին օտարերկրեայ ղեկավարն է, որ երկրաշարժէն ետք կ՛այցելէ Թուրքիա:
Ան վստահեցուց, որ պիտի մասնակցի այս աղէտի հետեւանքներու ազդեցութիւնը նուազեցնելու ջանքերուն:
Նախքան այդ, Քաթարեան Կարմիր Մահիկը յայտարարած էր, որ աշխատանք կը տանի 10 միլիոն տոլար հաւաքելու՝ ընդառաջելու համար Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն վնասներ կրած անձներու կարիքներուն: