
Թուրքիա մերժեց Կիպրոսի Հանրապետութեան փրկարարներու օգնութիւնը՝ 6 Փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք: Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղար Քոռնելիուս Քոռնելիու:
«Թուրքիոյ մէջ պատահած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Կիպրոսի Հանրապետութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու փրկարարական աշխատանքներուն, սակայն թրքական կողմը չընդունեց այդ օգնութիւնը», կը նշուի Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած են «Հապերթիւրք» եւ «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայաններու ուղիղ սփռումներուն ընթացքին երկրաշարժէն վնասներ կրողներու բողոքներու ձայները անջատելը կամ ուղիղ սփռումէն բոլորովին դուրս գալը:
Օրինակ, երբ վնաս կրած անձը կը սկսի խօսիլ, թէ իրենք անտէրութեան մատնուած են եւ ոչ ոք եկած է օգնութեան, ուղիղ սփռումի ձայնը կ՛անջատեն:
Այլ դրուագի մը մէջ, մինչ լրագրողը ուղիղ սփռումով տեղեկագրութիւն կը կատարէ, կողքէն վնաս կրողները կը սկսին բողոքել, որ զիրենք բախտի քմահաճոյքին ձգած են, այդ ընթացքին հաղորդման վարիչը արագօրէն կ՛անջատէ ուղիղ սփռումը:
Թուրքիոյ մէջ շատեր կը բողոքեն, թէ քանդուած շէնքերուն մեծ մասը շինուած է իշխանութեան մօտիկ անձնաւորութիւններու կողմէ, որոնք զեղծարարութիւններու միջոցաւ վատորակ կառոցներ շինած են։