Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայէտ Նահիանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Ասիկա Սուրիոյ հիւսիսը հարուածած աւերիչ երկրաշարժէն ետք առաջին օտարերկրացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը Դամասկոս այցելութիւնն էր:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը երկրաշարժին յաջորդ օրը հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած էր Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Ապու Տապի առաջին մայրաքաղաքներէն էր, որ մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռցուած օդանաւ ուղարկած էր Սուրիա եւ Թուրքիա, իսկ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն վնասներ կրած անձերուն 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւն յատկացուցած էր:
Ասատ հանդիպումին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին՝ սուրիացի ժողովուրդին անոնց մատուցած օժանդակութիւններուն համար՝ մատնանշելով, որ Ապու Տապի այդ քայլին դիմող առաջին մայրաքաղաքներէն էր:
Նահիան, իր կարգին, իր երկրի Մոհամետ պըն Զայէտ Նահիան իշխանին եւ վարչապետ ու Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մուհամմատ պըն Ռաշետ Մաքթումի ցաւակցութիւնները փոխանցեց Սուրիոյ նախագահին եւ ժողովուրդին: Ան նաեւ վերահաստատեց իր երկրին աջակցութիւնը եւ ներկայ դժուար պահուն Սուրիոյ կողքին կանգնիլը՝ աւելցնելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պիտի շարունակէ երկրաշարժի հետեւանքներու յաղթահարման համար սուրիացի ժողովուրդին անհրաժեշտ օժանդակութիւնը մատակարարել:
Մինչ այդ, Լաթաքիոյ մէջ, »Մայատին« արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հաղորդեց, որ փրկարարական ջանքերը կը շարունակեն մնալ սակաւաթիւ եւ հիմնուած՝ տեղական նախաձեռնութիւններու եւ իրանեան, իրաքեան ու ռուսական օժանդակութիւններու վրայ՝ աւելցնելով, որ եւրոպական օժանդակութիւններու առաջին բաժինը, որ կազմուած էր իտալական օժանդակութիւններէ, 7րդ օրը հասած է երկրաշարժէն վնասուած շրջաները: Իտալական օժանդակութիւնը նախ հասած էր Պէյրութի օդակայանը, ուրկէ Ժտէյտեթ Եապուս սահմանային անցքին ճամբով անցած Սուրիա:
»Սէուտական Կարմիր Մահիկը մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռցուած օդանաւի մը Դամասկոսի օդակայան էջք կատարելու արտօնութիւն խնդրեց, եւ արտօնութիւնը տրուեցաւ«, յայտնեց Սուրիոյ քաղաքային թռիչքներու տնօրէն Պասեմ Մանսուր: