Ուրբաթ օր, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ կը դատապարտէ Արցախը պաշարուած պահելու՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին, որ անմիջական քայլերու դիմէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքը վերաբանալու նպատակով։
Բանաձեւը քննարկումի ներկայացուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Մոնիքա Ռոտրիկեզի, Քըրըն Փրայսի եւ Հուկօ Սոթօ Մարթինեզի կողմէ։
Գրիգորեան շեշտեց, թէ աշխարհը պէտք է արթննայ եւ կասեցնէ հայութիւնը բնաջնջելու Ատրպէյճանի բռնատիրական իշխանութեան քայլերը։