ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարտ 1էն պիտի սկսի գործել «Կովկաս»-Փոթի երկաթուղալաստանաւային հաղորդակցութեան գիծը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանին ուղղակի կապ ունենալ Ռուսիոյ հետ:
Լաստանաւը պիտի գործէ միայն Հայաստանի համար եւ շաբաթական երկու երթ պիտի կատարէ: Վերջինիս գործարկման համար միջկառավարական համաձայնագրեր կնքուած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ըստ Հայաստանի փոխադրամիջոցներու նախարար Անդրանիկ Մանուկեանի, այս երթուղիի գործարկումը հնարաւորութիւն պիտի տայ ձերբազատուելու լաստանաւային փոխադրումներ կատարող ուքրանական ընկերութեան մենաշնորհէն եւ բեռնափոխադրումներու սակերը նուազեցնել: Նոր երթուղիի սակերը բաւական ճկուն են:
Ուքրանիայի լաստանաւով 1 վակոնի տեղափոխման սակագինը 2400 տոլար է, իսկ քանի մը տարի առաջ այդ սակագինը 800 տոլար էր:
Այլընտրանքային երթուղիի գործարկումը մրցակցութիւն կը ստեղծէ, ե բնականաբար կը նուազին նաեւ սակագիները: Նոր սակագիները պիտի քննարկուին եւ հաստատուին Փետրուար 21-22ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք ԱՊՀ երկաթուղայիններու նիստի ընթացքին: «Ամէն դէպքում դրանք անհամեմատ ցածր կը լինեն ուքրանական ընկերութեան սահմանած գներից», նշեց նախարարը:
Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեանի խօսքերով, մէկ վակոնի Երեւանէն Մոսկուա եւ հակառակ ուղղութեամբ տեղափոխման պարագային, մօտաւորապէս 1500 տոլարի խնայողութիւն կատարելու հնարաւորութիւն կայ:
Լաստանաւերը 50 վակոն տեղափոխելու հնարաւորութիւն ունին:
Այս լաստանաւը հնարաւորութիւն կու տայ միայն 1.5 օրուան ընթացքին բեռները Հայաստանէն հասցնել Ռուսիա, մինչ ուքրանիական ընկերութեան միջոցով բեռները կը տեղափոխուէին 8-10 օրուան ընթացքին:
Կ’ակնկալուի, որ երթուղիի աշխատանքի առաջին տարուան ընթացքին հնարաւոր կ’ըլլայ Հայաստան ներածել 120 հազար թոն բեռ, արտածել՝ 15 հազար, երկրորդ տարուան ընթացքին արտածումի ծաւալները կրնան հասնիլ 200 հազար թոնի, ներածումինը՝ 30 հազարի: Եթէ այդ ծաւալները աւելնան, ապա ընկերութիւնը գործի պիտի լծէ երրորդ եւ չորրորդ լաստանաւերը եւս: