ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

1818 թուականին – շնորհակալութիւն Մխիթարեան վարդապետներուն, թարգմանողին եւ ճգնաջան գրաշարներուն – Վենետիկի մէջ լոյս տեսաւ գիրք մը՝ ափի չափ, Պատմութիւն Ռոպէնսոնի Քռիւզօէ« արկածախնդրական վիպակը, եւ հայ մանուկը այդ օրը առաջին անգամ տեսաւ, որ «Ուրբաթ» բառը կրնար մարդու անուն ըլլալ: Այն ժամանակ հայը արդէն իսկ գիտէր, թէ արարչութեան վեցերորդ օրն էր Ուրբաթը? Ուրբաթ օր Ադամն ու Եւան կերած էին արգիլուած պտուղը, Յիսուսը Յուդայի մատնութեամբ ձերբակալուեցաւ Ուրբաթ օր, եւ Ուրբաթը Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան, մահուան ու թաղման յիշատակութեան օրն էր: Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ կը մօտենանք Աւագ Ուրբաթին՝ հզօրը եւ աւագը բոլոր ուրբաթներուն, որոշեցի հայկական գրականութեան ովկիանոսին մէջ նաւարկել ու հաւաքել ուրբաթ« բառի դեռ ծփացող տողիկները, ինչպէս նաւաբեկութենէ փրկուած Ռապընսընը ծովամոյն բեկորներ հաւաքեց ու ամայի կղզիի մը վրայ սկսաւ իր նոր կեանքը:
ԵՓԱԾ ԱՂԱՒՆԻՆ ԹՌԱՒ, ԳՆԱՑ
Հայ ժողովուրդը Ուրբաթի զօրութեան մասին բազմաթիւ աւանդազրոյցներ ունի: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կատարած մէկ հրաշքին: Կը պատմեն, թէ խումբ մը իշխաններ եւ եպիսկոպոսներ կ՛որոշեն սուրբը դատի մատնել: Հրաւիրակներ կ՛ուղարկուին Նարեկացիի մօտ, որպէսզի զայն տանին դատարան: Նարեկացին ողջունելով կ՛ընդունի եկուորները եւ կ՛առաջարկէ, որ նախքան ճամբորդելը՝ սեղան նստին: Նարեկացին սեղան կը դնէ երկու խորոված աղաւնի: Պատուիրակները կը մերժեն, «Օրը Ուրբաթ է», կ՛ակնարկեն: Նարեկացին ներողութիւն կը խնդրէ իր մոռացութեան համար, պահքի օր էր, եւ կը խնդրէ, որ ներկաներուն հրամանով թռչունները երկինք վերադառնան:
Պատգամաւորները, անշուշտ, նման բան չէին կրնար ընել, բայց սուրբին հրամանով աղաւնիները կը վերակենդանանան ու թեւեր կ՛առնեն: Եկուորները ականատես ըլլալով այդ հրաշքին՝ չեղեալ կը համարեն ամբաստանութիւնը:
ՋՈՒՐ ԿՈՒ ԳԱՅ ՎԵՐԻ ՔԱՐԷՆ
Հայ ժողովուրդին մէջ կայ մէկ այլ հաւատալիք, թէ Վանայ բերդին մօտ, Մհերի դուռ կամ Ագռաւի քար կոչուած սրբազան քարաժայռին մէջ փակուած կը մնայ աշխարհի անարդարութիւններէն վրդոված Փոքր Մհերը: Ըստ այդ զրոյցին, ամէն տարի, Համբարձման ու Վարդավառի գիշերները, երբ երկինքն ու երկիրը կը համբուրուին, Մհերը իր հրեղէն նժոյգով դուրս կու գայ. «Ուրբաթէ Ուրբաթ,- կը պատմեն,- Ջուր կը գայ, կաթի էդ քարէն: Կ՛ասեն՝ Մհերի ձիու ջուրն է: Ու ամէն ճամբորդ՝ Ուրբաթ օրեր կը լսի Քուռկիկ Ջալալու խրխնջոցն էդ քարէն»:
ԲԱՌԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է
Դասական ասորերէնէ փոխառութիւն է »ուրբաթ« բառը, բունը՝ «ուրուբաթ», որ կը նշանակէ «պատրաստութիւն»: Անիկա կը նախորդէ հրէական Շաբաթին՝ հանգստեան օրուան: Յունարէնը ունի «պարասքեւ» բառը, որ նոյնպէս կը նշանակէ «պատրաստութիւն»: Բարեպաշտ հայը առաջին անգամ Աստուածաշունչին մէջ տեսաւ եւ ընթերցեց զայն. «Ուրբաթ Զատիկի», «Ուրբաթ հրէից», «Եւ իբրեւ երեկոյ եղեւ, քանզի Ուրբաթ էր որ ի Շաբաթն մտանէր»: Մեր մայրենին այնուհետեւ ստեղծեց հետաքրքրական բաղադրեալ բառեր. ՈՒՐԲԱԹԱՆԱԼ՝ 8րդ դար, ՈՒՐԲԱԹԱՅՐՔ՝ 9րդ դար, ՈՒՐԲԱԹԱԼԷԶ՝ 12րդ դար: 7րդ դարուն, Անանիա Շիրակացին գրեց. «Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս ծնաւ ի Բեդղէէմ, …ԼԳ (33) ամաց խաչեցաւ, յաւուր ուրբաթի, ի (Զ)երորդ (6րդ) ժամու աւուրն, ունելով լուսինն աւուրս ԺԴ (14): Յարեաւ յաւուր երրորդի եւ թուի այսպէս յիններորդ ժամուն կատարեցաւ: Եւ մինչեւ ց(Է)երորդ (7րդ) ժամ գիշերւոյն էր Ուրբաթ»:
ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ՏԱՌԸ
1180-1245 թուականներուն ապրած աստուածաբան Յովհաննէս Գառնեցի վարդապետը շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան համար աղօթք մը գրեց: Ժողովուրդին մէջ կար հաւատալիք, թէ այդ աղօթքները հրաշագործ էին: Ահա Գառնեցիի վեցերորդ աղօթքը. «Նորին Աղօթք վասն Ուրբաթի աւուր: Էապէս բարի եւ ամենակարող զօրութիւն, Տէր իմ եւ Աստուած իմ…»:
Յարգելի՛ ընթերցող, պատահական չէ, որ աղօթքը սկսած է «Է» տառով, քանզի իւրաքանչիւր աղօթք կը սկսի հեղինակին անուան համապատասխան տառով. Յ, Ո, Վ, Ա, Ն, Է, Ս:
ԲԾԱԽՆԴԻՐ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻՆԵՐ
Ինծի ծանօթ եւդոկիացիներու թիւը շատ չէ: Սակայն, անոնց մասին կազմած եմ հետեւեալ կարծիքը. Եւդոկիացի հայը, եւ յատկապէս անոնց նախնիները, բծախնդիր, գիտական միտք ունեցող մարդիկ ըլլալու են: Պատճառը այն է, որ Եւդոկիա քաղաքի զաւակ երկու տաղասաց՝ Ստեփանոս Թոխաթցի եւ Մինաս Թոխաթցի, իրենց պատմագրական բանաստեղծութիւնները սկսած են ճշգրիտ թուականով:
1558-1630 թուականներուն ապրած Ստեփանոս Թոխաթցին, որ արտադրած է պատմական հաւաստիութիւն ունեցող, իրական ու մանրամասն նկարագրութիւններով ճոխ բանաստեղծութիւններ, կաֆացի քահանայի մը նուիրած իր գործը կը սկսի այսպէս. »Եւ չորեք թիւ յաւելորդի, / Քսան եւ հինգն մայիսի, / Օրն էր ուրբաթ մեծի շարժին: / Կայր քահանայ մի կաֆացի, / Աստուածատուր տէր Մղտեսի«: Իսկ 1510-1621/22 թուականներուն ապրած Մինաս Թոխաթցին, »Գովասանք Հերիս«ջ երգիծական ոտանաւորին մէջ ըսաւ, թէ Փետրուար ամիս մըն էր, օրը Ուրբաթ, եւ ինք օտար երկրի մէջ կարօտ մնացեր էր հերիսային. »Ի թուականիս հազար ամի / Եւ տասն ՛ւ երկու թիւ աւելի, / Եւ ի յամսեանն փետրուարի, / Օրն էր ուրբաթ, հինգ համարի: / Բայց ես ղարիպս Թոխաթցի, / Մինաս անուն մեղաց գերի, / Եկի անկայ Լովաց երկրի, / Կարօտ մնացի ես հերիս«ջ: 1600ականներու մէկ այլ տաղասաց, Կարնոյ Սալաձոր գիւղը ծնած Դաւիթ Սալաձորցին »Գովասանք Ծաղկանց« տաղին մէջ նկարագրեց, թէ Հայր Աստուած ինչպէ՛ս ստեղծեց բնութիւնը.
«Հայր արարիչ, Տէր կենդանի…
Եօթն օր ստեղծուածք արիր,
Երկուշաբթի բաժանեցեր,
Երեքշաբթի՝ բուս ու բանճար,
Չորեքշաբթի՝ գազանք, անասունք,
Հինգշաբթի՝ կէտք, թռչունք, սողունք,
Ուրբաթ Ադամ ստեղծեցեր»:
ՈՒՐԲԱԹ, ԴՈՒՆ ՀԵՌՈՒ ԿԵՑԻՐ
Աշխարհաբար հայերէնը ունի »ուրբաթ« բառով կազմուած դարձուածքներու համեստ հարստութիւն մը: Թէեւ յաճախ չենք գործածեր զանոնք, հետեւեալ երեքը պատկերալից են. »Ուրբաթը շուտ եկաւ քանց Շաբաթը«, կամ՝ »Ուրբաթը Շաբաթէն շուտ եկաւ«՝ անակնկալ (գէշ) բան մը պատահեցաւ եւ խանգարեց որոշուած գործը, ծրագիրը, »Այնքան կու տամ, որ Ուրբաթէ Ուրբաթ կը գժուիս«՝ սաստիկ կը ծեծեմ, »Ուրբաթ օրուան շորով է, Շաբաթ օրուան փորով է«՝ նոյն մարդն է, չէ փոխուած: Հայը ունի նաեւ բաղադրեալ բառեր, որոնք նոյնքան հետաքրքրական եւ զաւեշտական են. ՈՒՐԲԱԹԱԴԷՄ (կամ ուրբաթերես)՝ տխուր, ՈՒՐԲԱԹԱԽՕՍ՝ չափազանց քիչ խօսող, ՈՒՐԲԱԹԱՆԱԼ՝ սուգի օր դառնալ, ՈՒՐԲԱԹԵԼ՝ օրը անբաւարար սնունդով անցնել, անօթի կամ կիսաքաղց մնալ:
ԱՅՍՕՐ ՕՐՓԱ՞Թ Է, ԹԷ՝ ԻՒՐԲԱԹ
Ուրբաթ բառը տարբեր-տարբեր ձեւերով հնչեց հայկական գաւառներու մէջ: Ալաշկերտի հայը, ասկէ շաբաթ մը ետք եկեղեցի պիտի մտնէր ու ըսէր՝ այսօր աւագ »ուրպատ« է, զէյթունցին եւ հաճընցին պիտի ըսէին՝ »ույբօթ«, գորիսցին՝ »օրփաթ«, արցախցին՝ »էօրբmթ«, տիգրանակերտցին՝ »ուրթmթ«, ագուլիսցին՝ »էօրբmթ, էրբmթ«, իսկ ասլանպէկցին՝ »իւրբաթ«: (»m« նշանագիրը կը ներկայացնէ »ա« եւ »է« միասին)
ՈՒՐԲԱԹ ՕՐԸ ՀԱՄԵՑԷՔ
Հայկական ժամանակակից գրականութեան մէջ սակաւաթիւ են այն ստեղծագործութիւնները, ուր յիշուած ըլլայ »ուրբաթ« բառը: Բացառութիւն է Յովհաննէս Թումանեանի »Շունն ու Կատուն« բանաստեղծութիւնը, ուր քեռի Քուչիի ապսպրած գլխարկը պատրաստ պիտի ըլլար Ուրբաթ օր. »- Աչքիս վրայ, քեռի Քուչի, / Մի գդակ ա, հո մի քուրք (մուշտակ) չի. / Քու թանկագին խաթեր համար / Ուրբաթ օրը համեցէք, տար«: Նոյն օրերուն, ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեանը »Մուշ-Տարօն« աշխատասիրութեան մէջ արձանագրեց ժողովրդական սովորութիւն մը, թէ՝ »…Սուրբ Խաչի պահոց Ուրբաթ օրը, առաւօտեան ժամասացութիւնից յետոյ, կանայք խաղող, ձմերուկ եւ հաց առած՝ գնում են գերեզմանատուն, օրհնել տալիս գերեզմանը եւ ցրում այդ մրգերն ու հացը քահանային, ժամհարին ու աղքատներին«:
ՈՒՐԲԱԹԻ ԳԻՐՔԸ
Հայկական գրատպութիւնը »ուրբաթ« բառին ամէնէն փայլուն ասպարէզը եղաւ: Յարգելի՛ ընթերցող, արդարացի է այս հաստատումս, քանի որ հայկական առաջին տպագիր գիրքին անունն է »Ուրբաթագիրք«: Այնուհետեւ լոյս տեսան հոգեւոր գիրքերու բոյլ մը. »Ճառ վասն աւագ ուրբաթու«՝ Կալկաթա, 1828, »Քարոզ աւագ ուրբաթ օրին համար«՝ Շուշի, 1833, եւ »Քարոզ տօնական ի խորհուրդ աւագ ուրբաթու«՝ Թէոդոսիա, 1869:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՈՒՐԲԱԹՆԵՐԸ
Հայաստանի մէջ, բացի »աւագ« (եւ դպրոցի վերջին օրը) ըլլալէն, այլ ի՞նչ նշանակութիւն ունի Ուրբաթ օրը: Այս հարցումը պատասխանելու համար, յարգելի ընթերցող, կ՛առաջարկեմ մտովի պտոյտ մը կատարել մայրաքաղաքի մայթերուն վրայ՝ Աբովեան, Ամիրեան թէ Պաղրամեան՝ դուք որոշեցէք, ու տեսնել, թէ ի՛նչ գովազդներ են տեղադրուած շէնքերու, պատերու կամ ներկայանալի ցուցափեղկերու վրայ: Առաջինը համակրելի է արուեստասէր հասարակութեան համար՝ »Ռուսական արուեստի թանգարանը հանդէս կը գայ »Երաժշտական ուրբաթներ« առցանց ծրագրով«, երկորորդը գրաւիչ է տաքարիւն զոյգերու համար՝ »Լատինական ուրբաթներ«, իսկ վերջինը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան ճամբորդած առեւտրական նորոյթ է, »Սեւ Ուրբաթ – Զեղչեր մինչեւ 15%«:
ԶՆԳՈՒՆ ՈՒՐԲԱԹՆԵՐ, ԲՈԼՈՐԻ՛Դ
Յարգելի՛ ընթերցող, »ուրբաթ« բառին նուիրուած յօդուածս կ՛աւարտեմ Կոմիտաս Վարդապետին կողմէ ձայնագրուած, մինչեւ այսօր ալ բեմերու վրայ փայլող ժողովրդական զնգուն ու խանդավառ երգով մը: Այս երգին տրամադրութիւնը թող պատճառ ըլլայ, որ ձեր կեանքէն հեռու մնան »ուրբաթերես, ուրբաթադէմ եւ ուրբաթանալ« բառերը, եւ ուրբաթը դառնայ նոր սկիզբ, ինչպիսին էր ծովագնաց Ռոպէնսոնի պարագային: Իսկ այժմ, ես չեմ կրնար ձեզի խոստանալ կենսուրախ »լատինական ուրբաթներ«, սակայն կրնամ մէջբերել Վարդապետին նոյնքան խանդավառ երգը.
«Էսօր Ուրբաթ է, պաս է,
Դէ, հէ, զնգը, զնգը, դէ, հէ, ջան,
Սրտիկ արծաթէ թաս է,
Դէ, հէ, զնգը, զնգը, դէ, հէ, ջան:
Ջուր կու գայ վերին սարէն,
Սարն ոլորելէն,
Կը թափի մարմար քարէն,
Կաթ-կաթ ծորելէն»: