Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը փոխելու արուեստական խնդիրը նոյնքան անհամ ընթացք մը ստացաւ Շաբաթ օր, երբ համապատասխան յանձնաժողովը մեծամասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Խորհրդային Հայաստանի քայլերգի երաժշտութեան (հեղինակ՝ Արամ Խաչատուրեան):
Այսինքն, վերադարձ՝ խորհրդային որոշումին:
Ամէն բանէ առաջ ըսենք, որ երկրի մը քայլերգի ճշդումը ոչ երաժշտական եւ ոչ ալ բանաստեղծական փառատօն-մրցանքի կ’առնչուի: Երաժշտական կամ գրականութեան բնագաւառներու մէջ լաւագոյն ստեղծագործութիւնները ունին իրենց համար սահմանուած մրցանակներ եւ գրականութեան ու երաժշտութեան աշխարհը կը թաւալի իր ուրոյն առանցքին վրայ:
Ֆրանսայի քայլերգը, օրինակի համար, աւելի քան երկու դարէ ի վեր կայ ու կը մնայ: Ֆրանսան միապետական կարգերէ անցաւ հանրապետական դրութեան, հանրապետութիւններ ու վարչակարգեր իրարու յաջորդեցին, աքսորական ղեկավարութիւն յառաջացաւ ու դիմադրութիւն կազմակերպեց, թշնամիին հետ գործակցող բարձրագոյն մակարդակի պետական դէմքեր գնդակահարուեցան, հանրաքուէով նախագահ հրաժարեցաւ, սակայն «Մարսէյէզ»ը մնաց ու մնաց: Բնականաբա՛ր մնաց: Որովհետեւ քայլերգը ոչ ճաշակի խնդիր է, ոչ ալ գեղարուեստական գրականութեան գլուխ-գործոց ըլլալ-չըլլալու խնդիր:
Քայլերգը ամէն բանէ առաջ ներշնչումի աղբիւր է, ոգի է, խորհրդանիշ է: Ժողովուրդ կ’առաջնորդէ ու կը համախմբէ, ի հարկին հայրենիքի պաշտպանութեան պայքար կը ներշնչէ: «Մեր հայրենիք»ը կը խորհրդանշէ այս բոլորը: Եկող-գացող իշխանութեան կամ յանձնաժողովի հետ չի փոխուիր:
Վերանկախացումէն ետք, անոր «թշուառ, անտէր» բառերը փոխուեցան «ազատ, անկախ»ի: Հաւանաբար արդարացի էր սրբագրութիւնը: Սակայն շինծու է քայլերգ փոխելու դրդապատճառը, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, անիկա երգի միջազգային մրցանք չէ: Մեր ազատագրական շարժումը, երբ տակաւին սեփական պետականութիւն չունէինք, կը ներշնչուէր «Մեր հայրենիք»ով: Կրնայ ըլլալ, որ մեր քայլերգի «թշուառ, անտէր» բառերը չեն պատշաճիր Հայաստանի ներկայ իրականութեան: Սակայն ըստ երեւոյթին, երկրորդ բառը լաւագոյնս կը յարմարի ամէն բանէ առաջ քայլերգը փոխել ուզողներուն: